2014-01-13 10:35:23

Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական կապերը։


Ս. Աթոռը դիւանագիտական երկկողմանի կապեր հաստատած է 180 պետութիւններու հետ, որոնց վերջինները եղած են Հարաւային Սուտանը եւ Պաղեստինը։ 180 պետութիւններու շարքին է նաեւ Հայաստանը որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է` 23 մայիս 1992-ին, նորանկախ Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն 8 ամիսներ ետք։
Վերոյիշեալ180 պետութիւններէն 82-ը դեսպանատուն ունին Հռոմի մէջ, ասիկա կը դրսեւորէ դիւանագիտական երկկողամնի կապերու կարեւորութիւնը։ Հայաստանը եւ Ղանան եղան երկու վերջին ազգերը որ մնայուն դեսպանատուն ունեցան Վատիկանի մօտ։ Հայաստանի հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ մնայուն դեսպանի հաւատարմագրերու յանձնումը տեղի ունեցաւ անցեալ 7 յունիս 2013-ին։
Բացի 180 երկիրներէն Վատիկանի Պետութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակած է նաեւ, Եւրոմիութեան, Մակի եւ միջազգային բնոյթ ունեցող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.