2014-01-13 09:41:49

Պան Քի Մուն կը մաղթէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմուի եւ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի:
Ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ վերջերս արձանագրուած բռնարարքներն ու պայթումները եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու ու պետական հաստատութիւններուն նեցուկ կանգնելու:
Միւս կողմէ, Քի Մուն դրուատեց հինգշաբթի, 16 յունուար 2014-ին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած յանցագործներուն դատավարութիւնը սկսելու քայլը, նոյնիսկ եթէ անիկա պիտի ըլլայ ի բացակայութիւն այդ յանցագործներուն:
Քի Մուն շեշտեց, որ արդարութիւնը այլընտրանք չունի եւ պէտք է անպայման գործադրել զայն:







All the contents on this site are copyrighted ©.