2014-01-13 10:59:16

''Միթէ՞ կարելի է անտարբեր մնալ'' բնաբանով Վատիկանի մէջ կլոր սեղան Սուրիոյ մասին։


Երկուշաբթի 13 յունուարին, Քահանայապետական Գիտութեանց կաճառի մօտ, տեղի կ՛ունենայ, ''միթէ՞ կարելի է անտարբեր մնալ'' բնաբանով, Սուրիոյ մասին կլոր սեղան մը, ի պատրաստութիւն Ժընեւի մէջ կայանալիք խորհրդաժողովին։
Կլոր սեղանին հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու միջազգային մասնագէտներ, որոնց կարգին նաեւ եգիպտացի Մոհամատ էլ Պարատէյ` խաղաղութեան նոպելեան մրցանակակիրը։ Հանդիպումը կը նախագահէ` միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահը, կարտինալ Ժան Լուի Թոռան։
Միօրեայ այս ժողովին կէտնպատակն է` Սուրիոյ մէջ հրադադարը ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը, եւ միջկրօնական երկխօսութեան հաստատումը։ Այս առթիւ պատրաստուած է 8 էջնոց վաւերաթուղթ մը, որուն մէջ կ'ողջունուի Ռուսիոյ նախագահ Բութինի տածած ջանքը Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ եւ միաժամանակ կ'այպանուին այն երկիրները որոնք զէնք հայթայաթած են ու ֆինանսաւորած պատերազմող խումբերը։
Յայտնենք որ անցեալ 28 դեկտեմբեր 2013-ին Սուրիոյ կառավարութեան մէկ պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Ս. Աթոռի քարտուղար գերապայծառ Փարոլինէն եւ արտգործ նախարար` գերապայծառ Մամպերթիէն։ Այդ առթիւ պատուիրակութիւնը ներկայացուց Սուրիոյ կառավարութեան դիրքը եւ յանձնեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուղղուած` Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատի մէկ պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.