2014-01-13 15:24:03

Հոգեւոր պետերու հանդիպում Պքերքէի մէջ


Ուրբաթ, 10 յունուար 2014-ի երեկոյեան, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպում մը, մասնակցութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Արամ Ա. Վեհափառին, Եունան ասորի կաթողիկէ պատրիարքին, Նասրալլա Սֆէյր կարդինալին, Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ՝ Կապրիէլ Քաչչիա եպիսկոպոսին, Դամասկոսի մէջ առաքելական նուիրակ՝ Մարիօ Զէնարի արքեպիսկոպոսին եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու։

Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ Լիբանան կը գտնուէր յատուկ առաքելութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի կացութիւնը եւ քրիստոնեաներու դերը ի խնդիր միջկրօնական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռին եւ տեղական Եկեղեցիներու առաքելութիւնը ի սպաս տարածաշրջանի մէջ քրիստոնեայ ներկայութեան ու վկայութեան ամրապնդման:

Նշենք, որ Արեւելեան Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի շաբաթ, 11 Յունուար 2014, երեկոյեան այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյմանին եւ անոր փոխանցեց Սուրբ Աթոռին վճռակամ կեցուածքը ի նպաստ Լիբանանի կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.