2014-01-13 10:04:16

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Յիսուս Քրիստոսի Անունո՛վ Եւ Դաւանութեա՜մբ…


Սիրելի՛ ընթերցող, ամանորի աղօթախառն մաղթանքս է քեզի եւ սիրելիներուդ, որ դուք սկսիք ու շարունակէք 2014 տարին Յիսուսի անունով, որուն տօնը ամէն տարի Սուրբ եկեղեցին կը կատարէ յունուար 1-ին:
Յիսուսի անունով սկսող ու շարունակող անհատները կ՛ընդունին «մխիթարութիւն մը Քրիստոսի մէջ, սփոփանք մը սիրոյ մէջ, հաղորդութիւն մը Սուրբ հոգիին հետ», ինչպէս ալ կարեկցող գթութիւն, ուրախութիւն, խոնարհութիւն եւ ընկերասիրութիւն (Փիլ. 2, 1-4):
Հոգեմտաւոր բարեմասնութիւններ, մարդկայնական ազդակներ եւ ընկերային գործօններ են ասոնք, զորս կիրարկողները կ'անսան Սուրբ Պօղոսի այս հրահանգին. «Սնուցէ՛ք ձեր մէջ նոյն զգացումները, զորս ունէր Յիսուս Քրիստոս» (Փիլ. 2, 5):
Յիսուս Քրիստոս` «Ի՛նք, որ Աստուծոյ կերպարանքն ունէր, ինքզինքն ունայնացուց` ծառայի կերպարանք առնելով… եւ ինքզինքը խոնարհեցուց` հնազանդելով մինչեւ մահը, ու մահը` խաչին վրայ: Ասոր համար Աստուած Զինքը բարձրացուց եւ Անոր տուաւ Անունը, որ կը գերազանցէ ամէն անուն, որպէսզի ի լուր Յիսուսի Անունին` կքի ամէն ծունկ երկինքին մէջ, երկրին վրայ ու դժոխքին մէջ: Եւ ամէն լեզու խոստովանի, թէ Յիսուս Քրիստոս Տէրն է Հայր Աստուծոյ փառքին մէջ» (Փիլ. 2,6,7,8-11):
Ստուգիւ, Յիսուսի անունով երբ կը սկսինք եւ կը շարունակենք մեր կեանքը, կը դառնանք Քրիստոսի զգացակիցները, երկրպագուներն ու վկայողները` դառնալու համար անմահակիցներն ու փառակիցները մեր երկնաւոր Հօր արքայութեան մէջ:
Ուշադրութի՛ւն: Իր անունին պաշտամունքի թէ՛ լուռ, եւ թէ՛ խօսող երկրպագուներուն ու վկայողներուն այսօր կը ներկայանայ Քրիստոս զօրաւոր եւ անակնկալ հարցադրումով, ինչպէս երէկ ներկայացաւ իր աշակերտներուն. «Դուք, ո՞վ կը կարծէք, որ Ես ըլլամ…» (Մրկ. 8, 29):
Այսօր իբրեւ աւետարան կարդացուած այս հետաքրքրական դրուագը պատմական է (Մտթ. 16, 13-20), որ դիպեցաւ «Փիլիպպեան Կեսարիոյ կողմերը», ուր Վարդապետը հասած էր իր շրջագայութեան ատեն` ամէն տեղ հաւատք քարոզելով, յոյս ներշնչելով, սէր հրաշագործելով եւ լոյս սփռելով:
Անտարակոյս, Յիսուս լսած էր տարաձայնութիւններ եւ շշուկներ իր անձին մասին, բայց, իբր թէ բոլորովին անգիտակ, հարցուց աշակերտներուն. «Ո՞վ կը կարծեն մարդիկ, թէ ըլլայ Մարդու Որդին…» (Մտթ. 16, 13): Երրորդ աւետարանիչին գրչով աւելի կ՛անձնաւորուի հարցումը. «Ո՞վ կը կարծէ ժողովուրդը, որ Ես ըլլամ…» (Ղկ. 9, 18):
Պատասխանէն կ՛իմանանք «Յովհաննէս Մկրտիչ», «Եղիա», «Երեմիա» անունները եւ «մէկը մարգարէներէն», որոնց թէ՛ Առաքիչը, եւ թէ՛ Լրումն էր Աստուածամարդը:
Առաջին հարցաքննութեան մէջ յաջողեցան աշակերտները, որոնք, սակայն, յանկարծակիի եկած պէտք է ըլլան երկրորդ զուտ անձնական հարցափորձէն. «Իսկ դուք, ո՞վ կը կարծէք, որ Ես ըլլամ…» (Ղկ. 9, 20):
Վիճակագրական տուեալները այնքան չեն հետաքրքրեր Տէրը, որքան անձնական հաւաստումները, քանի ոչ միայն կը պահանջէ աշակերտներէն, այլ նաեւ, մարտահրաւէրի իմաստով, անոնց քով կը գրգռէ սեփական համոզումը, գիտակցութիւնն ու վկայութիւնը: Զգո՛ւշ: Անձնական մարտահրաւէրի այս պահանջն ու գրգռումը կ՛արժեն նաեւ մեզի համար. «Դուք, ո՞վ կը կարծէք, որ Ես ըլլամ…»:
Անմիջապէս հոս յստակացնելու եմ, թէ կարելի չէ ըլլալ քրիստոնեայ առանց ունենալու վճիտ եւ անձնական յարաբերութիւն մը Յիսուսի հետ: Անհնար է պատկանիլ Սուրբ եկեղեցիին, որ Քրիստոսի «Խորհրդական Մարմինն» է, առանց ունենալու բացայայտ դաւանութիւն մը Յիսուսի մասին:
Այլ խօսքով ըսեմ: Դուն կնքուած ես. չի բաւեր. դուն պէտք է անձնապէ՛ս մտերմանաս Փրկչիդ հետ: Դուն կը հաւատաս. անբաւական է հաւատքդ. դուն պէտք է անձնապէ՛ս դաւանիս Տէրդ: Հոգեւորական եմ. երբեք գոհացուցիչ չէ. ես պէտք է անձնապէ՛ս սրտակցիմ Վարդապետիս հետ: Կամ նոյնիսկ` քարոզիչ եմ. անբաւարար է. ես պէտք է անձնապէ՛ս դաւանիմ իմ յարուցեալ Խաչեալս` Յիսուս Քրիստոսը:
Յիսուսի մասին բազմապիսի կարծիքներուն մէջ, որոնք այսօր ալ կը վխտան հայ շարքերուն մէջ, երեք աւետարանիչները կը փոխանցեն մեզի Սիմոն-Պետրոսի դաւանումն իբր չափանիշը մեր խօսքին ու գործին. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին (Մտթ. 16,16): Դուն ես Քրիստոսը (Մրկ. 8, 29): Աստուծոյ Օծեալը (Ղկ. 9, 20)»:
Մեր քրիստոնէական ինքնութեան, մեր եկեղեցական պատկանելիութեան, մեր հաւատքին, մեր ապրումին ու մեր գործունէութեան սեփական դաւանանքը ա՛յս է եւ ա՛յս ըլլալու է միշտ, որուն շնորհիւ կ՛արժանանանք դառնալու աստուածամուխ մենաշնորհեալներ երկնային ճշմարտութիւններուն…:
Սուրբ Պետրոս, որ միշտ պատրաստակամը, նախայարձակը, նախաձեռնողն էր եւ առաքելապետը, իր պատասխան դաւանութեան համար արժանացաւ Յիսուսի սրտառուչ գովասանքին. «Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, որդի Յովնանի, որովհետեւ մարմինն ու արիւնը չտուին քեզի այս յայտնութիւնը, այլ` իմ Հայրս, որ երկինքն է» (Մտթ. 16, 17):
Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոսը իր առօրեային մէջ դաւանող անհատին «յերկնուստ» կը տրուին գովք, լոյս, առանձնաշնորհում, ուժականութիւն եւ գոհունակութիւն:
Ա՛յսպէս դաւանողներու Յառաջապահը եւ Առաջնահերթն է Մարիամ Սուրբ Կոյսը, որուն Աստուածամայրութեան տօնը կատարեցինք յունուար 1-ին` հաւատալով ու դաւանելով. «Ահաւասիկ, Կոյսը պիտի յղանայ ու պիտի ծնի Որդին: Պիտի անուանուի «Էմմանուէլ», որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ» (Ես. 7, 14):
Յիսուս Քրիստոսի Անունին հաւատացողը, որ Մարդու Որդին յստակ դաւանողն է, կ՛ապրի «Էմմանուէլ»-ի մարդասէր ու մարդամօտ ներկայութիւնը:
- Ա՛յս է հայատրոփ աղօթքս քեզի եւ սիրելիներուդ համար: Ամէ՛ն:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.