2014-01-13 09:50:36

Արիել Շարոն ոչ եւս է։ Պետական յուղարկաւորութիւնը երկուշաբթի 13 յունուարին։


Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը անցեալ շաբաթ 11 յունուարին յայտարարեց, որ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Արիել Շարոն, 8 տարի մահաքունի մէջ մնալէ ետք` 85 տարեկանին մահացաւ: Շարոն մահաքունի մէջ մտած էր յունուար 2006-ին, ուղեղային կաթուածի հետեւանքով:
Այսօր` երկուշաբթի 13 յունուար, Քնեսեթին մէջ տեղի կ՛ունենայ Շարոնի պետական յուղարկաւորութիւնը, որուն պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթըր Շթայնմայըր եւ Միջին Արեւելքի միջազգային պատուիրակ Թոնի Պլեր ու այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Շարոնի անունը հանրածանօթ դարձաւ իբրեւ պատերազմի ոճրագործ 1982-ին իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանան ներխուժման եւ պաղեստինեան Սապրա ու Շաթիլա գաղթականներուն մէջ տեղի ունեցած ջարդին պատճառով: Ան օրին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարն էր: Իսրայէլեան դատական յատուկ յանձնախումբ մը զինք պատասխանատու նկատեց ջարդերուն` «զանոնք կանխարգիլելու համար բաւարար ջանք չթափելուն համար»: Ան այդ վճիռէն ետք ստիպուեցաւ հրաժարիլ իր պաշտօնէն:
Սեպտեմբեր 2000-ին ան դարձեալ լուսարձակները իր վրայ հրաւիրեց, երբ հակառակ պաղեստինեան բուռն ընդդիմութեան, Աքսայի մզկիթ այցելեց: Այցելութիւնը պատճառ դարձաւ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ոստիկանութեան միջեւ բուռն բախումներու, որոնց պատճառով պաղեստինցիներուն շարքերուն մէջ 20 զոհ արձանագրուեցաւ: Շարոնի նշեալ այցելութենէն ետք ընթացք առաւ պաղեստինեան «Աքսայի ինթիֆատա»-ն, որ 4 տարի տեւեց:
Շարոն 2001-ին Իսրայէլի վարչապետ ընտրուեցաւ, իսկ 2004-ին միակողմանի քայլով մը իսրայէլեան բանակը հեռացուց Կազայէն:
«Պուլտոզըր» մակդիրը կրող Շարոն մասնակցած է 1948-ի պատերազմին, ինչպէս նաեւ 1956-ին Սինայի անապատ իսրայէլեան ներխուժման: 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին ընթացքին ան իսրայէլեան բանակի զրահապատ զօրամասին հրամանատարն էր: 1973-ին ան ղեկավարած է Սուեզի ջրանցքին ճամբով արաբական բանակներուն դէմ իսրայէլեան հակայարձակումը` մեկուսացնելով Եգիպտոսի Երրորդ բանակը:
Պաղեստինեան Համաս շարժումի բանբեր Սամի Ապու Զահրի Շարոնի մահը մեկնաբանելով նշեց, որ անոր մահը պաղեստինցի ժողովուրդին համար «պատմական պահ» մըն է, իսկ Ֆաթհ շարժումի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ժըպրիլ Ռաժուպ յայտնեց, որ «կը փափաքէինք, որ ան Լա Հէյի դատարանին առջեւ պաղեստինցի ժողովուրդին ու անոր ղեկավարութեան դէմ գործած ոճիրներուն համար իբրեւ պատերազմի ոճրագործ դատուի»: Ռաժուպ Շարոնը պատասխանատու նկատեց Եասեր Արաֆաթի սպանութեան համար:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ բուռն քննադատութեան ենթարկեցին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը` Շարոնի մահուան լուրը չմեկնաբանելուն համար:
Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բազմաթիւ պաղեստինցիներ շաբաթ օր տօնած են Շարունի մահը` նշելով, որ Ֆաթհ եւ Համաս անոր մահը տօնեցին, իսկ Կազայի մէջ այս առիթով անուշեղէն հրամցուեցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.