2014-01-12 12:24:45

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յայտարարեց 19 Նոր կարտինալներու ստեղծումը յառաջիկայ 22 փետրուարին։


Կիրակի 12 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, յայտարարեց թէ յառաջիկայ 22 փետրուարին, Կարտինալական ժողով մը գումարելով, 19 եկեղեցականներու պիտի շնորհէ կարտինալական տիտղոսը։ Ցանկին առաջին անունները եղան` Վատիկանի Պետական Քարտուղարը գերապայծառ Փիէդրօ Փարոլինը, Եպիսկոպոսներու ընդհանուր Սիւնհոդոսի քարտուղարը` գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսերին, Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը գերապայծառ Կւրարտ Լուտվիկ Միւլլէր եւ Կղերի Ժողովի կառավարիչը գերապայծառ Պենիամինօ Սդելլա։
19 կարտինալներու 16-ը քահանայապետ ընտրող իրաւունքով կարտինալներ են, իսկ 3-ը որ 80 տարեկան անց են ոչ ընտրող` անոնք են գերապայծառ Լորիս Ֆրանչէսքօ Քաբովիլլա, Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի երբեմնի քարտուղարը, գերապայծառ Ֆերնանտօ Սեպասդեան Ակիլար եւ գերապայծառ Գելվին Էտուարտ Ֆելիքս։
Սրբազան Քահանայապետը տեղեկացուց նաեւ թէ 20 եւ 21 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ կարտինալական ընդհանուր ժողով մը, որուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ ''Ընտանիքը'', ու ապա 23 փետրուարին, սուրբ Պետրոսի մէջ, Նորին Սրբութիւնը պիտի գլխաւորէ 16 նոր կարտինալներու մասնակցութեամբ համապատարագը։
Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթեն նոր կարտիալներու դիտաւորութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.