2014-01-11 13:26:52

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 11 յունուարի գործունէութիւնը հանդիպում` '' Օրթոտոքս եկեղեցիներու հետ մշակութային համագործակցութեան Կաթողիկէ կոմիտէի անդամներուն հետ''։


Շաբաթ, 11 յունուարի, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլէն ու ապա կղերի Ժողովի կառավարիչը գերապայծառ Պենիամինօ Սդելլան։ Ժամը 12-ին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իտալացի երեսփոխան Տիկ Իլէանա Արժանդինը, ապա ժամը 12,30-ին Գլեմենդինա Սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց, ''Օրթոտոքս եկեղեցիներու հետ մշակութային համագործակցութեան Կաթողիկէ կոմիտէի 60 անդամներուն որոնք այս տարի կը նշեն Կոմիտէի հաստատաման 50 ամեակը։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց 50 ամեակի տարեդարձին, շնորհակալութիւն յայտնելով Կարտինալ Գիւրդ Գոխին` քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, որուն հեղինակութեան տակ կը գործէ կոմիտէն։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով ծնունդ առած մշակութային համագործակցութեան կաթողիկէ Կոմիտէին, որուն հաշտութեան ճանապարհի ընթացքը յատկանշուեցաւ Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Պատրիարքի միջեւ կայացած պատմական հանդիպումով։ Այդ օրէն ասդին – ըսաւ Քահանայապետը – Կոմիտէն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ կը սատարէ, առատաձեռն բարերարներու միջոցաւ, Օրթոտոքս Եկեղեցիներու կղերական եւ աշխարհական անհատներու կազմաւորումը ապահովցնել կաթողիկէ համալսարաններու մէջ իչպէս նաեւ թիկունք կը կանգնի համամիութեանական համագործակցութեան ձեռնարկներու։ Նորին Սրբութիւնը իր հակիրճ ճառին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն ինչպէս նաեւ Կոմիտէի մատակարար յանձնախումբին քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց գործունէութիւնը։ Ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց համալսարանական օրթոտոքս եկեղեցւոյ անդամ ներկայ գտնուող աշակերտութեան անոնց մաղթելով որ իրենց հռոմի մէջ կեցութեան ընթացքին կարենան ապրիլ Եկեղեցական ուրախ փորձառութիւնը, հարուստ մշակութային ու հոգեւոր գետնի վրայ, եւ իրենք զիրենք զգան ոչ որպէս հիւրեր այլ եղբայրներ եղբայրակիցներու միջեւ։
Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց բոլորին ապահովցնելով իրենց աղօթքները ու փոխադարձ աղօթքներ խնդրելով ներկաներէն։ Աստուած ձեզ Օրհնէ ու Տիրամայրը ըլլայ ապաւէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.