2014-01-11 11:59:11

''Քահանանան որ սերտ յարաբերութեան մէջ չ՛ապրիր Յիսուսի հետ, կը դառնայ ''եսակեդրոն աստուծոյ'' երկրպագու''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր 11 յունուարի քարոզին մէջ։


Իսակական քահանան, օծուած սուրբ իւղով Աստուծմէ, ժողովուրդին համար, սերտ յարաբերութիւն ունի Յիսուսի հետ։ Երբ այս յարաբերութիւնը պակսի, քահանան կը դառնայ կռապաշտ եւ եսակեդրոն չաստուծոյ երկրպագու''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, շաբաթ 11 յունուարի առաւօտեան, արտասանած իր քարոզին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը կեդրոնացուց ''քահանայի'' առաքելութեան ու անոր ապրելակերպի վրայ։ Երբ Յիսուսի ժողովրդականութիւնը կ՛աճէր – ըսաւ Քահանայապետը – Ան կը դիմէր իր Հօր։ Կը քաշուէր անապատ ու կ՛աղօթէր։ Այս ըլլալու է մեր օրինակը։Մենք դրոշմուած ենք Սուրբ Հոգիով եւ երբ քահանայ մը կը հեռանայ Յիսուս Քրիստոսէն, կրնայ շնորհքը կորսնցնել։
Քանիցս լսած ենք ''այս քահանան ի՞նչպիսի քահանայ է'', սնապարծութեան մէջ ապրող։ Ի՞նչ մեծ գայթակղութիւն Եկեղեցւոյ համար։
Մենք Քահանաներս շատ թերութիւններ կրնանք ունենալ սակայն երբ Յիսուս Քրիստոսի դիմենք, ու Տէրը փնտռենք աղօթքի մէջ, կը դառնանք բարի քահանաներ, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս կը դառնայ մեր կեանքի կեդրոնը։ Եթէ այս մէկը պակսի ամէն ինչ կը կորսնցնենք։ Հաւատացեալները գիտեն զանազանել բարի քահանան ''եսակեդրոն չաստուծոյ'' երկրպագու'' քահանայէն – յարեց Նորին Սրբութիւնը - ու քարոզը եզրափակելով, Սուրբ Զոհի ներկայ գտնուող կղերականներուն մաղթեց որ Յիսուս Քրիստոսի հետ իրենց յարաբերութիւնը չկորսնցնեն երբեք, որովհետեւ - աւարտեց Քահանայապետը - Ինքն է մեր յաղթանակը։







All the contents on this site are copyrighted ©.