2014-01-11 10:09:08

Սուրիոյ Նախագահին կինը այցելած է զոհուած զինուորականներու փոքրիկներու գիշերօթիկ դպրոց


Սուրիոյ նախագահին կինը Ասմա ալ Ասատ այցելած է զոհուած զինուորականներու զաւակներու գիշերօթիկ դպրոց: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը:
Դպրոցի աշակերտները այս օրերուն կը գտնուին առաջին կիսամեակի քննութիւններու մէջ:
Սուրիոյ առաջին տիկինը ծանօթացած է դպրոցականներու ուսուցման պայմաններուն եւ գիշերօթիկ դպրոցներու գլխաւոր տեսուչ Շահիր Ֆալիւհէն հետաքրքրուած է քննաշրջանի ընթացքին մասին: Ասմա ալ Ասատ դպրոցականներուն յաջողութիւն մաղթած է, որպէսզի անոնք յետագային իրենց մասնակցութիւնը ունենան երկրի բարօրութեան կերտման գործին մէջ: Ան ընդգծած է, որ յանուն հայրենիքի զոհուածները արժանի են պետութեան մեծարանքին:
Ֆալիւհ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահի տիկնոջ՝ զոհուածներու զաւակներուն հանդէպ մշտական ուշադրութեան համար եւ անոր տեղեկացուցած այն քայլերուն մասին, որոնք ձեռնարկուած էին ուսումնական գործընթացի շարունակման համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.