2014-01-11 10:48:14

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Մատթ 3, 1-17


RealAudioMP3 1 Այդ օրերը Յովհաննէս Մկրտիչը եկաւ, Հրէաստանի անապատին մէջ քարոզելով
2 եւ ըսելով. “Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է”:
3 Ա՛յս է ա՛ն, որուն մասին Եսայի մարգարէն խօսեցաւ` ըսելով. “Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. “Պատրաստեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան, շտկեցէ՛ք անոր շաւիղները”“:
4 Յովհաննէսի հագուստը ուղտի մազէ էր, իր մէջքին շուրջ` կաշիէ գօտի ունէր, եւ իր կերակուրը` մարախ ու վայրի մեղր էր:
5 Այն ատեն Երուսաղէմէն, ամբողջ Հրէաստանէն եւ Յորդանանի ամբողջ շրջակայքէն կ'երթային իրեն,
6 կը մկրտուէին իրմէ` Յորդանանի մէջ, ու կը խոստովանէին իրենց մեղքերը:
7 Երբ տեսաւ Փարիսեցիներէն եւ Սադուկեցիներէն շատեր` որ եկած էին իր մկրտութեան, ըսաւ. “Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի` խուսափիլ գալիք բարկութենէն:
8 Ուրեմն ապաշխարութեան արժանավայել պտո՛ւղ բերէք.
9 ու մի՛ մտածէք ձեր մէջ ըսել. “Մենք Աբրահա՛մը ունինք [իբր] հայր”. որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէ՛ն հանել Աբրահամի զաւակներ:
10 Կացինը արդէն իսկ դրուած է ծառերու արմատին քով. ուրեմն ամէն ծառ որ լաւ պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կրակը կը նետուի:
11 Արդարեւ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով` ապաշխարութեան համար, բայց ա՛ն որ կու գայ իմ ետեւէս` ինձմէ հզօր է, ու ես արժանի չեմ անոր կօշիկները կրելու. անիկա՛ պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ու կրակով:
12 Անոր հեծանոցը իր ձեռքն է. իր կալը պիտի մաքրէ եւ իր ցորենը պիտի ժողվէ ամբարը, իսկ յարդը պիտի այրէ անշէջ կրակով”:
13 Այն ատեն Յիսուս եկաւ Գալիլեայէն Յորդանան` Յովհաննէսի, որպէսզի մկրտուի անկէ:
14 Յովհաննէս կ'արգիլէր զայն ու կ'ըսէր. “Ե՛ս պէտք է որ մկրտուիմ քեզմէ, ու դո՞ւն կու գաս ինծի”:
15 Յիսուս պատասխանեց անոր “Թո՛յլ տուր հիմա, որովհետեւ ա՛յսպէս կը պատշաճի մեզի, որ գործադրենք արդարութիւնը [իր] ամբողջութեամբ”: Այն ատեն թոյլ տուաւ անոր:
16 Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, իսկոյն դուրս ելաւ ջուրէն, եւ ահա՛ երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ'իջնէր ու կու գար իր վրայ:
17 Եւ ահա՛ ձայն մը [եկաւ] երկինքէն` որ կ'ըսէր. “Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս` որուն հաճեցայ”:







All the contents on this site are copyrighted ©.