2014-01-11 10:56:32

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ մշակութային համագործակցութեան կոմիտէի հիմնարկութեան 50-րդ տարեդարձը։


27 յուլիս 1964-ին, Պօղոս Զ Քահանայապետը, կը հիմնէր կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ մշակութային համագործակցութեան կոմիտէն, ունենալով որպէս կէտնպատակ սերտացնել եղբայրական կապերը կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ։ Պօղոս Զ, Կոմիտէին պատասխանատուութիւնը յանձնեց կարտինալ Ակոսդինօ Պէայի, քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին առաջին նախագահը։
Այս նախաձեռնութեամբ Քահանայապետը կարտինալ Պէայէն կը խնդրէր աւելի խորացնել Արեւելքի եւ համայն օրթոտոքս եկեղեցիներու ճանաչողութիւնը, փոխադարձ հասկացողութեան համար, որ հիմնուած ըլլայ յարգանքի ու աւետարանական սիրոյ վրայ։
Վերոյիշեալ Կոմիտէն կը գործէ քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի հովանաւորութեամբ ու անոր անմիջական պատասխանատուն է եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահը ` ներկայիս կարտինալ Քիւրդ Քոխ։
Կոմիտէն կրթաթոշակներ կը շնորհէ օրթոտոքս եկեղեցիներու` Հռոմի ու այլ քաղաքներու կաթողիկէ համալսարաններու մէջ աստուածաբանութեան դասընթացքներու հետեւող ժառանգաւորներուն։
50 տարիներուն ընթացքին, տասնեակ հարիւրաւոր օրթոտոքս ուսանողներ կարողացան օգտուիլ կրթաթոշակէն եւ յաճախել կաթողիկէ համալսարանները։ Ներկայիս 50 օրթոտոքս ուսանողներ կը յաճախեն Հռոմի քահանայապետական համալսարանները եւ այլ հինգ ուսանողներ արձանագրուած են Փարիզի կաթողիկէ համալսարանին մէջ։ Նոյնպէս Կոմիտէն կը ֆինանսաւորէ համամիութենական զանազան ծրագիրներ ի մասնաւորի Ռուսիա, Յունաստան, Ուկրանիա, Պիելառուսիա եւ Լիբանան։







All the contents on this site are copyrighted ©.