Շաբաթ, 11 յունուարի առաւօտեան հրատարակած իր թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շեշտը
կը դնէ` ընկերութենէն ներս տարեցներու կարեւորութեան վրյ։ Իր թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը
կը գրէ` ''Ոչ մէկ տարեց պէտք է ''աքսորուած'' ապրի ընտանիքներէն'' ու կ՛աւելցնէ ''Տարեցները
ընկերութեան համար գանձ մըն են''։ Իր Քահանայապետութեան առաջին օրերէն իսկ Ֆրանչիսկոս
Քահանայապետը մեծ ուշադրութիւն յատկացուցած է աղքատներուն, մանուկներուն եւ տարեցներուն։