2014-01-10 10:24:04

Սուրիահայութեան առօրեայէն. Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանը չի հաստատեր Հայ երիտասարդի մը Սպանութեան լուրը


Սուրիահայութեան առօրեայէն. Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանը չի հաստատեր Հայ երիտասարդի մը Սպանութեան լուրը
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը չի հաստատեր որոշ լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւնները այն մասին, որ Հալէպի մէջ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորումին կողմէ հայ երիտասարդ մը սպաննուած է: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ արդէն 2 օրէ ի վեր լուրեր շրջանառութեան դրուած են, սակայն լուրը հաստատելու համար անհրաժեշտ են ապացոյցներ եւ այժմ այդ մասին յստակ ոչինչ կայ: Անհրաժեշտ է ամէն ինչ մանրամասն ուսումնասիրել», նշեց Ռէյիսեան:
Հալէպի Շրջակայքը Զինուորական
Ծանր Գործողութիւններ Կը Կատարուին
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ Հալէպի շրջակայ տարածքին մէջ:
Թէեւ վերջին երկու օրերուն Հալէպ քաղաքին մէջ, յատկապէս քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ համեմատաբար հրասանդի եւ այլ հրթիռներ չեն արձակուիր, սակայն մերթ ընդ մերթ կը լսուին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ահեղ ձայներ, որոնց պատճառը քանի մը օրէ ի վեր Սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներն են:







All the contents on this site are copyrighted ©.