2014-01-10 10:16:58

Ողջախոհութեան Աստուածային Առաքինութիւնը


RealAudioMP3 Ողջախոհութեան գործադրութիւնը պարտաւորիչ է ամենուն համար: Ամուսնացեալներու եւ ոչ ամուսնացեալներու: Բայց կանոնները, պէտք է որ տարբեր ըլլան այդ երկու վիճակներուն համար: Ամուսնացեալները կ՛ապրին աստուածային օրէնքին սրբազան սահմաններուն մէջ եւ կը գործադրեն ողջոխութեան առաքինութիւնը իրենց վիճակին համեմատ երբ կը չափաւորեն ծննդեան կարողութեան կիրարկումը ամուսնական խորհուրդին իրենց շնորհուած իրաւասունքներուն համաձայն:
Պիոս ԺԱ. Քահանայապետը շատ գեղեցիկ շրջաբերական մը հրատարակած է «Casti connubi» (ողջախոհ ամուսիններ) խորագրով, ուր շատ գեղեցիկ կերպով սահմանած է եւ պարզած է եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը «Ողջախոհութեան» մասին: Ահաւասիկ Քահանայապետին խօսքերը . « Եւ ոչ ալ պէտք է լուռ մնալ, քանի որ այնքան մեծարժան ու այնքան կարեւոր է ծնողներուն յանձնուած այդ պաշտօնը, սերունդին բարւոյն համար. հետեւաբար որեւէ համեստ գործածութիւն Աստուծոյ տրուած այդ կարողութեան, ծնունդ տալու նոր կեանքի մը Աստուծոյ օրէնքին եւ ինքնին բնական օրէնքին համեմատ, ու ատիկա միայն ամուսնական իրաւունքն է եւ մենաշնորհը, ու բացարձակապէս պէտք է որ պարփակուած ըլլայ ամուսնական սրբազան սահմաններուն մէջ»:
Այս բառերով Քահանայապետը պարզապէս կը ներկայացնէ այն ինչ որ Եկեղեցին ուսուցած էր միշտ, իր հիմնարկութենէն սկսած:
«Աստուծոյ օրէնքը» արտայայտութիւնը կ՛ակնարկէ աստուածային կամքին, ինչպէս որ ծանուցուած է Աստուածյածին Յայտնութեան մէջ. իսկ «բնական օրէնքը» բացատրութեամբ կը հասկցուի Աստուծոյ կամքը, ինչպէս որ գրուած է ինքնին մարդկային բնութեան մէջ, եւ որ կը պարտաւորէ ամէն ժամանակներու բոլոր մարդիկը:
Արդ ողջախոհութիւնը լոկ պատուիրան մը չէ որ տրուած էր հրեաներուն կամ նոյնիսկ քրիստոնեաներուն, այլ մարդկային է պարզապէս: Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուսուցումին համեմատ կը պարտաւորէ ամէն մարդկային էակ առանց զանազանութեան ցեղի կամ հաւատքի:
Ս. Գիրքը կը ներկայացնէ զօրեղ ապացոյցներ ի նպաստ ողջախոհութեան: Այս նիւթին մասին կարելի է մէջբերել բազմաթիւ տեղեր Ս. Գիրքէն, բայց կը բաւականանանք Կորնթացւոց Առաջին թուղթին վեցերորդ գլխուն մէջ ըսուածներով, որով այդ տողերը նոյնիսկ բողքականներուն համար վկայութիւն բերուած են իբր վճռական փաստ, մաքրութեան առաքինութեան մասին, եւ զորս կը համապատասխանեն Փրկչին հետեւեալ խօսքին. « Ով որ կնոջ մը կը նայի անոր ցանկանալու համար, արդէն իսկ շնութիւն գործած է անոր հետ իր սրտին մէջ» (Մտ. 5, 28):
Ս. Պօղոս Կորնթացւոց կը գրէ. « Դուք ձեզ մի՛ խաբէք, ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ոչ իգացեանլները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ արբեցողները, ո՛չ բամբասողները, ո՛չ յափշտակողները պիտի ժառանգեն Աստուծոյ Արքայութիւնը»:
Առաքեալը կը շարունակէ. «Կերակուրը որովայնի համար է եւ որովայնը` կերակուրին համար: Աստուած պիտի կործանէ ե՛ւ մին ե՛ւ միւսը: Մարմինը պոռնկութեան համար չէ ստեղծուած, այլ Տիրոջ եւ Տէրը` մարմինին համար: ... չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները անդամներն են Քրիստոսի, եւ մենք պիտի համարձակի՞նք առնել Քրիստոսի անդամները եւ զանոնք ընել պոռնիկի անդամներ. ամենեւին: Եւ կամ չէ՞ք գիտեր պոռնիկին միացողը մէկ մարմին կը կազմէ անոր հետ. որովհետեւ գրուած է` Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան: Իսկ ով որ կը միանայ, Տիրոջ հետ մէկ հոգի կը կազմէ: Փախէ՛ք ուրեմն պոռնկութենէն: Մարդուն գործած ամէն մեղք մարմինէն դուրս է, իսկ պոռնկացողը մարմինին մէջ կը մեղանչէ: Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին, որ կը բնակի ձեր մէջ եւ տրուած է ձեզի Աստուծմէ: Չէ՞ք գիտեր թէ դուք ձեզի չէք պատկանիր: Դուք գնուած էք, ձեր գինը վճարուած է, ուստի Աստուած փառաբանեցէք ձեր մարմիններուն մէջ»:
Պօղոս Առաքեալի այս խօսքերուն, ինչպէս նաեւ 7րդ գլխուն մէջ կուսութեան եւ ամուսնութեան մասին ըսուածներուն, անոնց մասին պիտի անդրադառնանք յաջորդ սփռումին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.