2014-01-10 10:21:46

Ըստ հետազօտութեան մը. աշխարհի վրայ կը հալածուի աւելի քան 100 միլիոն քրիստոնեայ


«Տէօչը Վելէ» կը գրէ, որ «Օփըն Տորզ» կազմակերպութեան կողմէ չորեքշաբթի, 8 յունուարին հրապարակուած «Հետապնդումներու համաշխարհային ցուցանիշ» խորագրեալ հետազօտութեան համաձայն, աշխարհի վրայ հալածանքի կ՛ենթարկուի աւելի քան հարիւր միլիոն քրիստոնեայ:
Ըստ ցուցանիշին, առաջին դիրքի վրայ է Հիւսիսային Քորէան: Հիւսիսային Քորէայի այն քաղաքացիները, որոնց մօտ Աստուածաշունչ յայտնաբերուած է, մահապատիժի վտանգը կը դիմագրաւեն: Աւելի՛ն, խիստ պատիժի կ՛ենթարկուի ամբողջ ընտանիքը:
Հիւսիսային Քորէային կը յաջորդեն այն երկիրները, ուր բռնութեան կը դիմեն հիմնականին մէջ իսլամական ծայրայեղականները: Այդ երկիրներուն շարքին են Սոմալին, Սուրիան, Իրաքը, Աֆղանիստանը, Սէուտական Արաբիան, Մալտիւեան կղզիները, Փաքիստանը, Իրանը եւ Եմէնը: Ընդհանուր առմամբ, ցանկին վրայ յայտնուած է 50 երկիր, ուր քրիստոնեաները հալածանքի կ՛ենթարկուին:
Լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Ափրիկէի մէջ քրիստոնեաներու հալածանքը:
Գերմանիոյ մէջ «Օփըն Տորզ»-ի մասնաճիւղի ղեկավար Մարքուս Ռոտէ յայտարարած է, որ «դժբախտաբար, քրիստոնեաներուն նկատմամբ հրէշային դաժանութիւններ չեն արժանանար միջազգային հանրութեան անհրաժեշտ ուշադրութեան»:







All the contents on this site are copyrighted ©.