Եւրոյի Գօտիին մէջ շուրջ 20 միլիոն մարդ գործազուրկ է
«Քորեսփոնտընթ» կը գրէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի հրապարակած պաշտօնական տուեալներուն
համաձայն, Եւրոյի գօտիի երկիրներուն մէջ գործազուրկներու թիւը նախորդ տարուան ընթացքին
աւելցած է գրեթէ կէս միլիոնով, իսկ առանց աշխատանքի մարդոց ընդհանուր թիւը 19.2 միլիոն
է: Ըստ վիճակագրական տուեալներուն, Եւրոյի գօտիին մաս կազմող 17 երկիրներուն մէջ գործազուրկներուն
թիւը 2012-ի նոյեմբերէն մինչեւ 2013-ի նոյեմբեր աճած է 452 հազարով: Այսպիսով, Եւրոպական
Միութեան մէջ ընդհանուր 26.5 միլիոն գործազուրկ կայ, իսկ Եւրոյի գօտիի երկիրներուն մէջ`
19.2 միլիոն գործազուրկ: Ամէնէն վատ վիճակին մէջ է Յունաստանը, ուր գործազուրկ է գործունակ
բնակչութեան 27.4 առ հարիւրը, երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Սպանիան` 26.7 առ հարիւր ցուցանիշով: Աւստրիոյ
մէջ գործազրկութեան պաշտօնական ցուցանիշը 4.8 առ հարիւր է, իսկ Գերմանիոյ մէջ` 5.2 առ
հարիւր: