2014-01-10 10:23:51

Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Այրերը “Խոկման” Արարողութիւն Պիտի Կատարեն


Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ Յունուար 14-ին` ժամը 18:00-ին, հոգեւոր տեսուչ Տէր Անոյշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանի տնօրինութեամբ տեղի պիտի ունենայ “Խոկման” տարեսկզբեան արարողութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն:
Նոյն ընթացքին պիտի քարոզէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ “Խոկման” արարողութեան կազմակերպման պատասխանատու Տէր Յակոբ քահանայ Խաչատրեանը: Այնուհետեւ մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ունկնդրելու “Հաւատամք” երգչախումբի հոգեւոր երգեցողութիւնը:
Յաւարտ արարողութեան` “Խոկման” արարողութեան մասնակիցները, “Տէր, ողորմեա…”-ի ծնկաչոք երգեցողութեամբ, համատեղ պիտի աղօթեն մեր երկրի եւ Եկեղեցւոյ զօրացման, մասնակիցներու առողջութեան, խաղաղութեան եւ գործերու յաջողութեան համար:
Այսուհետեւ “Խոկման” արարողութիւններու շարքը պիտի վերականգնէ իր բնականոն ընթացքը: Արարողութիւնները պիտի մեկնարկեն ամէն Երեքշաբթի ժամը 18:00-ին: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ “Խոկման” արարողութեան կազմակերպման պատասխանատու Տէր Յակոբ քահանայի նախաձեռնութեամբ “Խոկման” արարողութիւնը պիտի շարունակէ կրել “Եկեղեցին մեր տունն է” խորագիրը:
Խոկման արարողութեան ընթացքին կ’ընթերցուի աղօթք, ապա կը ներկայացուի քարոզ, այնուհետեւ կ’անջատուին եկեղեցու բոլոր լոյսերը, եւ հոգեւոր երգեցողութեան, թոյլ մոմերու լուսաւորութեան ներքոյ հաւատացեալը կը խոկայ, այսինքն` ինքն իր մէջ կը վերլուծէ լսածը, կը քաղէ այն, ինչ որ պէտք է իր կեանքի այդ պահուն համար եւ կ’աղօթէ: Խոկման մասնակիցները բացառիկ միջավայր կ’ունենան Մայր Եկեղեցւոյ զօրացման, հայրենիքի եւ ժողովուրդի բարօրութեան, հոգեւոր վերելքի համար խորհելու, մտորելու, աղօթելու, իրենց հոգեւոր վիճակը քննելու եւ գնահատելու ուղղութեամբ








All the contents on this site are copyrighted ©.