2014-01-09 13:10:20

''Չիվիլդա Քաթոլիքա'' պարբերաթերթի տնօրէնին հարցազրոյցը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մասին։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մարտահրաւէրը` ուրիշին մօտենալ զայն հասկնալու եւ զգուշանալ ցնորասոյզ` վերացական սկզբունքներ տալէ։

Մեկնաբանելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, անցեալ 29 նոյեմբերին, տուած զեկոյցը, կրօնաւորական միաբանութիւններու մեծաւորներուն, ''Չիվիլդա Քաթոլիքա'' պարբերաթերթի տնօրէն` յիսուսեան հայր Սփատարօ ըսաւ. ''Քահանայպետը այդ զեկոյցով կ'ուզէ հասկցնել որ ներկայ աշխարհը յեղաշրջումի մէջ է, մարտահրաւէրները բազմաթիւ ու մեծ են եւ Աւետարանը կանչուած է պատասխան տալու այդ մարտահրաւէրներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ժամանակակաից մարդուն քարոզել եւ հասկնալի դարձնել Յիսուսի Աւետարանը, եւ այսպէսով ամէն անհատ ի վիճակի ըլլայ ըմբռնելու եւ ապրելու Աստուծոյ խօսքը։
Սրբազան Քահանայապետը կը շեշտէ հարկաւորութիւնը դաստիարակութեան, որ բանալին է Աւետարանի քարոզութեան յաջողութեան։ Եկեղեցւոյ մեծ աւանդութիւնը, իմաստութիւնը, պէտք է հաղորդել այսօրուայ մարդու հասկնալի լեզուով, որպէսզի կարողանայ զայն իւրացնել ու ապրիլ։ Նորին Սրբութիւնը ժամանակակից աշխարհի հրատապ հարցերու մասին կը խօսի որպէսզի ստիպէ մեզ լուծում գտնել, երկխօսութիւն հաստատել այսօրուայ մարդուն հետ, որպէսզի Աւետարանը մեկնաբանուի անհատի առօրեայ կեանքին մէջ։ Հետեւաբար աստուածաբանը կանչուած է թարգման հանդիսանալ ներկայ մարդու հարցերուն։ Ուստի Քահանայապետը մեզ կը հրաւիրէ ողջագուրելու համայն մարդկութիւնը։ Անոր սիրոյ պատգամը ուղղուած է բոլորին անխտիր։ Բաւարար չէ միտքը յուզող սկզբունքներ վերակոչել այլ հարկաւոր է յուզել եւ սրտերը։ Կարիքը կը զգացուի բացուելու կեանքին։ Ըսած է Հայր Անթոնիօ Սփատարօն։







All the contents on this site are copyrighted ©.