2014-01-09 12:43:33

Հոնտուրասի մէջ 40 ժամ աղօթքի մարաթոն երկրին բարելաւութեան ի նպաստ


31 դեկտեբերէն - 1 յունուար, ամանորի առթիւ, Հոնտուրասի Տէկուչիկալբա մայրաքաղաքին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորութեամբ թեմի Արքեպիսկոպոս` կարտինալ՝ Ռոտրիկէզ Մարատիակայի, տեղի ունեցան 40 ժամ տեւողութեամբ աղօթքներ՝ երկրին խաղաղութեան եւ բարելաւութեան ի նպաստ։
Աղօթքի նիստերուն մասնակցեցան բազմաթիւ ժողովրդապետութիւններու հաւատացեներ, դատապարտելով անարդարութիւնն ու բռնութիւնները զորս կ'իշխէն երկրին վրայ։ Աղօթքի ընթացքին, արծարծուեցան նաեւ չքաւորութեան եւ անգործութեան հարցերը։
Կարտինալ Մարատիակա խօսքը ուղղելով երկրին նոր ընտրուած կառավարիչներուն
Յայտնեց, թէ ''անկարելի է արդարութիւնը գոյութիւն ունենայ եթէ զօրակցութիւնը չճանցուի որպէս մերձաւորի ծառայութիւն։ Անա ապա հրաւիրեց բոլոր Հոնտուրասի բնակչութիւնը խորհրդածելու, եւ աղօթելու ողորմութեան եւ ներումի համար յայտնելով սիրոյ ուժը կրնայ նոր սլացք տալ համայն ժողովուրդին։ Վերյիշելով հուսկ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խօսքերը Կարտինալը ըսաւ ''տնտեսութիւնը չէ որ մարդկութիւնը կ՛ազատէ այլ՝ Յիսուսն է''








All the contents on this site are copyrighted ©.