Հալէպի Քաղտէացի առաջնորդին գնահատումով Ժընեւ Բ խորհրդաժողովը պէտք է յարգէ Սուրիոյ
յատկանիշերը` ''Սուրիան Լիպիա չէ'' կ՛ըսէ Ան։
Քաղտիոյ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` գերապայծառ Անթուան Օտօ կոչ ուղղած է Ժընեւ Բ կլոր սեղանի
մասնակցողներուն, մատնանշելով որ Սուրիա Լիպիայի չի նմանիր։ Հարկաւոր է նկատի ունենալ
Սուրիոյ յատկանիշերը – շեշտած է Օտօ առաջնորդը - ընդգծելով որ նախագահը կամ վարչաձեւը
փոխելով Սուրիոյ հարցերը չեն հարթուիր ։ Յայտնենք որ 22 յունուարին Զուիցերիոյ Մոնդրը
վայրին մէջ նախատեսուած է սուրիական կառավարութեան եւ անոր ընդդիմադիր պատուիրակութեան
միջեւ ժողով մը, մասնակցութեամբ այլ երեսուն երկիրներու պատուիրակներուն, որոնց շարքին
ԱՄՆը եւ Ռուսիան։ Կլոր սեղանին նպատակն է լուծում գտնել Սուրիոյ ընդհարումին։ Գերապայծառ
Օտօ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին թափած ջանքերուն, Սուրիոյ
խաղաղութեան ի նպաստ։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է որ Վատիկան կազմակերպելիք կլոր սեղանը,
յառաջիկայ 13 յունուարին, օգտակար հանդիսանայ Ժընեւ Բ խորհրդաժողովի աշխատանքներուն։