2014-01-09 09:35:15

Աստուածայայտնութեան տօնը եւ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնը Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ


Երկուշաբթի, 6 յունուար 2014, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօնին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատոյց արհի. Յովսէփ եպս․ Առնաութեանը, ապա տեղի ունեցաւ Յիսուսի մկրտութեան արարողութիւնը։ Կնքահայրն էր այս տարի փոքրիկն Պերճ Շմբլեանը։ «Քնար» երգչախումբի անդամները կատարեցին երգեցողութիւնը ու Մկրտութեան արարողութեան հոգեպարար շարականները։ Յետ արարողութեան ու եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ շնորհաւորութիւններու փոխանակման, թեմի առաջնորդ արհի. Յովսէփ եպս․ Առնաութեան եւ ժողովրդապետ Հայր Գէորգ վրդ. Պահէեան, Անարատ Յղութեան միաբանութեան քոյրերը, ինչպէս նաեւ ՀԿՄ-ի խորհուրդի անդամներ, այց մը կատարեցին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր շնորհաւորութիւններ յայտնեցին Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Գեր․Տ․Արմաշ եպս․Նալպանտեանին, ինչպէս նաեւ ներկայ հայրենակիցներուն ու համայնքի պատասխանատուներուն, մաղթելով խաղաղութիւն երկրին ու բարօրութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին ու հայ քաղաքացիներուն։


Իսկ Երեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2013ի երեկոյեան, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը։ Պատարագիչն էր ժողովրդապետ Հայր Գէորգ վրդ. Պահէեանը, որ տուաւ նաեւ իր պատշաճ քարոզը այս առիթով։ Ներկայ գտնուեցաւ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանը։ Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Քնար» երգչախումբին կողմէ։ Արարողութեան աւարտին՝ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ շնորհաւորութիւններ յայտնեց առաջնորդ Տէր Յովսէփ եպս. Առնաութեանին։

Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագը մատուցանեց Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը։ Ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Խորանին վրայ կը գտնուէին Արմաշ եպս Նալպանտեանը ու Ֆրանսայէն հիւրաբար քաղաք գտնուող եպիսկոպոս մը։ Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ ներկայ ժողովուրդը թափօր կազմած, «Քնար» երգչախումբի «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ առաջնորդարանի դահլիճ ուր շնորհաւորութիւններ ընդունուեցան։

Այս առթիւ, Հայ Կաթողիկէ Միութեան Պատանեկանը կազմակերպած էր Տօնական հանդէս՝ որ Սուրբ Պատարագէն քիչ ետք սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ Ռ. Պասմաճեան սրահէն ներս։ Ուրախ մթնոլորտի ներքեւ, ներկայութեամբ բազմաթիւ փոքրիկներու եւ ծնողներու, ՀԿՄ.ի Ջահակիրներն ու Պատանիները ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը, կատարելով երգեր, նուագներ ու արտասանութիւններ նուիրուած Սուրբ Ծննդեան ու Նոր Տարուան։ Իր սրտի խօսքը ներկայացուց ժողովրդապետ Հայր Գէորգ վրդ. Պահէեանը, մաղթելով որ խաղաղութիւնը շուտով հաստատուի Սուրիոյ մէջ ու այս շէն գաղութը վերագտնէ իր կենսունակութիւնը։ Կաղանդ Պապայի ժամանումով փոքրիկներու ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Անոնք պարեցին եւ զուարճացան պահ մը մոռնալով քաղաքիս մէջ տիրող դժուար պայմանները։ Կաղանդ Պապան ներկայ փոքրիկներուն բաժնեց ՀԿՄ.ի Խորհուրդին նուէրները, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին եւ գերմանական «HUMEDICA» մարդասիրական ընկերութեան կողմէ տրամադրուած ամանորեայ սննդեղէնի եւ քաղցրաւենիքի ծրարները։ Նշենք թէ 500 ծրարներ պատրաստուած էին Դամասկոսի Շտապ Օգնութեան Մարմնի հսկողութեամբ ու պիտի բաժնուին դամասկահայ միութիւններու միջոցաւ դամասկահայ երեխաներու։
Այսպիսով վերջ գտաւ սուրբ Ծննդեան եւ ամանորեան տօնահանդէսը, լաւ տրամադրութեամբ, խաղաղ ու պայծառ գալիք օրերու ակնկալիքներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.