2014-01-08 11:46:08

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ս. Երկիր կատարելիք առաքելական այցելութեան յայտագիրը հետզհետէ ի յայտ կու գայ։


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ս. Երկիր կատարելիք առաքելական այցելութիւնը, 24-26 մայիս, հետզհետէ ի յայտ կու գայ։ Երեք օր տեւող հակիրճ ճամբորդութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Յորդանանէն, ուր Նորին Սրբութիւնը կ՛ընդունուի Ապտալլահ Բ թագաւորէն, արքայական պատատին մէջ, եւ ուր, կը տեղեկագրէ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Ճիորճիօ Լինկուայ, Սրբազան Հայրը ճառ մը պիտի ուղղէ իսլամներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա Ամանի մարզադաշտին մէջ բացօթեայ սուրբ պատարագ կը մատուցէ, այնպէս ինչպէս ըրած էին իր նախորդները, Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետները։ Ան ապա կ'այցելէ Յորդանան գետի այն վայրը ուր Յիսուս մկրտուեցաւ ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռքով եւ ընթրիք կը կատարէ սուրիացի խումբ մը փախստականներուն հետ։

Յաջորդ օրը Սրբազան Հայրը կ'ուղղուի Երուսաղէմ ։ Կ՛ այցելէ սուրբ վայրերը, ի մասնաւորի Յարութեան տաճարը` քրիստոնէութեան սիրտը, ուր նախատեսուած է համամիութենական աղօթք, քրիստոնեայ բոլոր համայնքապետերու հետ միասին։ Աղօթքին կը մասնակցի նաեւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը Բարթողոմէոս Ա., վերակոչելու համար Պօղոս Զ Քահանայապետի Աթենակորաս` Կ.Պոլսոյ պատրիարքին միջեւ 50 տարի առաջ տեղի ունեցած պատմական ողջագուրումը։
Երրորդ օրը Նորին Սրբութիւնը կ'ուղղուի Պաղեստինեան` Բեթղեհէմ քաղաքը, Յիսուսի ծննդեան վայրը, ուր պատարագ կը մատուցէ ս. Երկրի քրիստոնեայ բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Յյայտնենք որ Պօղոս Զ Քահանայապետի այցելութիւնը եւս տեւած էր երեք օր։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, անցեալ կիրակի 5 յունուարին, լուրը հաղորդելով ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, շեշտեց թէ Ս. Երկրի այցելութիւնը աղօթքի եւ համամիութենական համգամանք ունեցող ուխտագնացութիւն մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.