2014-01-08 11:30:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, 2014 տարուայ, չորեքշաբթի օրուայ առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը՝ ''Մկրտութեան խորհուրդը''։


Չորեքշաբթի, 8 յունուար 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ բացօթեայ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, որ Վատիկան ժամանած էին, մասնակցելու Նորին Սրբութեան 2014-ի առաջին հրապարակային այս ունկնդրութեան։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ըստ սովորութեան, Քահանայապետական ինքնաշարժով հրապարակի շրջանը կատարելէ եւ ողջունելէ ետք հոն ներկայ գտնուող հաւատացեալները, բարձրացաւ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին զետեղուած ամպիոն, ուրտեղէն ներկայացուց խորհրդածութիւնը որ կեդրոնացած էր Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր – ըսաւ Քահանայապետը – այսօր կը սկսինք խորհրդածութիւններու նոր շարք մը, ''խորհուրդներու'' մասին, եւ առաջինը կը հայի Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին. Հաճելի զուգադիպութեամբ, եկող կիրակի կը նշուի մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի սուրբ մկրտութեան տօնը։

Այս խորհուրդը – յարեց Նորին Սրբութիւնը – որուն վրայ հիմնուած է մեր հաւատքը, մեզ կը պատուաստէ Քրիստոսի ու անոր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պարզ ձեւակերպութիւն մը չէ, այլ արարք մը, որ խորապէս ազդեցութիւն ունի մեր էութեան վրայ։ Մենք մխրճուած ենք Յիսուսի կեանքին ու մահուան մէջ, որ եղաւ պատմութեան` սիրոյ մեծագոյն իրողութիւնը։
Մենք կանչուած ենք ապրելու Մկրտութեան խորհուրդը ամէն օր, որպէս այժմէական իրականութիւն – հաստատեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով թէ - ''Արդարեւ Սուրբ Մկրտութեան ուժով, ազատագրուած սկզբնական մեղքէն, պատուաստուած ենք Յիսուսի եւ Հօր Աստուծոյ յարաբերութեան մէջ, եւ կ՛իրականացնենք նոր յոյս մը, որ ոչ մէկը եւ ոչ մի բան կարող է շիջուցանել, եւ կարող ենք ներել ու սիրել նոյնիսկ անոնք որ մեզ կը վիրաւորեն եւ կը նախատեն եւ յետիններուն ու աղքատներուն մէջ կը ճանչնանք Տիրոջ դիմագիծը։
Սուրբ Մկրտութիւնը պարգեւ մըն է որ կը շնորհուի Տիրոջ անունով, եւ անոր մէջ կը ճանչնանք Եկեղեցւոյ ամենէ հարազատ յատկանիշերը, զոր որպէս Մայր, կը շարունակէ Քրիստոսի մէջ նոր զաւակներ ծնանիլ, Սուրբ Հոգիին պտղաբերութեամբ։

Սրտանց խնդրենք ուրեմն Տիրոջմէ որ կարենանք ամենօրեայ մեր կեանքին մէջ փորձարկել Սուրբ Մկրտութեամբ ընդունած շնորհքը. Ըլլանք Աստուծոյ իսկական զաւակներ, Քրիստոսի մէջ եղբայր ու քոյրեր ու Եկեղեցւոյ իսկական անդամներ։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնոող հաւատացեալները որոնց շարքին նաեւ Միջին Արեւելքէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ։ Ան ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներիուն ըսելով՝ ''Սիրելիներ, Աստուածայայտնութիւնը յաջորդող այս օրերուն, շարունակենք խորհրդածել Յիսուսի Յայտնութեան մասին բոլոր ժողովուրներուն։ Եկեղեցին, սիրելի երիտասարդներ, ձեզ կը հրաւիրէ ըլլալու Քրիստոսի խանդավառ վկաները, ձեզ սիրելի հիւանդներ կը խրաուսէ Յիսուսի լոյսը համբերատարութեամբ սփռելու ձեր շուրջ ու ձեզ սիրելի նորապսակեալներ կը քաջալերէ ըլլալու Անոր նորոգող ներկայութեան նշանը ձեր հաւատարիմ սիրով։

Յայտնենք որ ունկնդրութենէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց՝ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նոր անունուած ժամանակաւոր ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Նունցիօ Կալանդինօն։








All the contents on this site are copyrighted ©.