Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան
ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց
լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլիի կացութիւնը
փրկողը լիբանանցիներուն գիտակցութիւնն է եւ պետական հաստատութիւնները: Ան շեշտեց,
որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու համար 19 ապահովական ծրագիր մշակելու
կարիք չկայ, այլ` ապահովական մէկ ծրագիր եւ քաղաքական յստակ որոշում: Ռիֆի կոչ ուղղեց
համախոհական հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու եւ ամէնէն արագ միջոցին նոր կառավարութիւն
մը կազմելու: