Յունաստան կը ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը
Չորեքշաբթի 08 յունուարին, բացումը կը կատարուի Եւրոպական Միութեան Յունաստանի նախագահութեան
վեցամսեայ նստաշրջանին: Այս մասին կը հաղորդէ Յունաստանի “Ազատ օր” օրաթերթը: Եւրոպական
Միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմփայի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի
եւ յանձնակատարներու քոլեճի ներկայութեան՝ տեղի կÿունենայ նստաշրջանի բացման արարողութիւնը
Զափիոյի մէջ, կէսօրուայ ժամերուն: Նախատեսուած է կէսօրուայ ճաշ եւ Յունաստանի կառավարութեան
նախարարաց խորհուրդի ու եւրոպացի յանձնակատարներու համատեղ խորհրդաժողով, վարչապետ Անտոնիս
Սամարասի ներկայութեան, որուն պիտի յաջորդէ մամլոյ ասուլիս: Հելլէն ոստիկանութիւնը
անվտանգութեան խիստ միջոցառումներու ձեռնարկած է Աթէնքի կեդրոնէն ներս, փակելով մեթրոյի
որոշ կայարաններ եւ արգիլելով ցոյցերն ու հաւաքները: Երեկոյեան նախատեսուած է պաշտօնական
արարողութիւնը Աթէնքի համերգասրահէն ներս, հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի
ներկայութեան: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս պիտի գան Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ եւ Հերման Վան Ռոմփայ: Խօսելով
Յունաստանի նախագահութեան նստաշրջանի մասին, ժոզէ Պարոզօ համոզում յայտնեց, թէ յաջողութեամբ
պիտի ընթանայ վեցամսեակը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ Յունաստանին, աշխարհին ցոյց տալու
թէ ոչ միայն ի վիճակի է երկիրը տագնապեցնող ճգնաժամը յաղթահարելու, այլ կրնայ նաեւ արժանաւորապէս
նպաստել եւրոպական ծրագիրներու զարգացման: Յունաստանի նախագահութեան ընթացքին Աթէնքի
մէջ պիտի կազմակերպուին Եւրոպական Միութեան նախարարներու 14 հանդիպումներ, բարձր մակարդակի
աշխատանքային խումբերու 57 հանդիպումներ եւ 33 համաժողով կամ սեմինարներ։