Ղարաբաղեան Ազատամարտի Ընթացքին Անհետ Կորսուածներուն Թիւը Կը Հասնի 4 Հազարի
Ղարաբաղեան ազատամարտի ընթացքին անհետ կորսուածներուն ցանկին մէջ կայ 4 հազարէ աւելի
անուն: Այդ մասին յայտնած է Երեւանի մէջ Կարմիր խաչ միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութեան
ղեկավար Սարա Էպրեխտը: «Մենք աշխոյժ կերպով կ՛աշխատինք անհետ կորսուածներու ընտանիքներուն
հետ: Այդ ուղղութեամբ գործադրուած ծրագիրներուն մէջ ներառուած են հոգեբանական–ընկերային
օգնութիւնը, այսինքն հարցեր՝ կապուած իրաւական խնդիրներու, առողջութեան հետ, նաեւ ընկերային
դժուարութիւններ: Մենք սերտօրէն կ՛աշխատինք Գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու
յանձնաժողովի, Հայկական Կարմիր Խաչի եւ տեղական հասարակական կազմակերպութիւններու հետ»,
դիտել տուած է պատուիրակութեան ղեկավարը: Անոր համաձայն՝ ծրագիրին մէջ կարեւոր տեղ
կը գրաւէ այն, թէ ի՛նչ եղած է անհետ կորսուածին: «Հայկական կարմիր խաչին հետ մենք կենսաբանական
տուեալներու հիման վրայ նախագիծի ստեղծման պիտի սկսինք: Ասիկա պիտի ըլլայ աշխատանք՝ պարագաներուն
հարազատներուն հետ: Զուգահեռաբար մենք տեղեկութիւններ պիտի հաւաքենք հակամարտութեան ընթացքին
պայթուցիկ սարքերէն եւ հակահետեւակային ականներէն զոհուածներուն մասին», յայտնած է Սարա
Էպրեխտը: