2014-01-08 10:19:07

Բրիտանիոյ տնտեսութիւնը 2030-ին կրնայ եւրոպայի մէջ մեծագոյնը դառնալ


«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Սենթըր ֆոր Էքոնոմիքս էնտ Պիզնըս Ռիսըրչ»-ին (ՍԵՊՌ), կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ տնտեսութիւնը 2030-ին կրնայ դառնալ Եւրոպայի մէջ մեծագոյնը` շրջանցելով Գերմանիան:
Նմանօրինակ յայտարարութիւն կատարած է բրիտանական առետրական-արդիւնաբերական պալատը, որ նշած է, թէ 2014-ին Բրիտանիոյ տնտեսութիւնը պիտի գերազանցէ մինչեւ ճգնաժամ արձանագրուած առաւելագոյն ցուցանիշը:
ՍԵՊՌ-ը կը նախատեսէ, որ Չինաստան իր համախառն ներքին արտադրութեամբ պիտի գերազանցէ Միացեալ Նահանգները եւ 2028-ին պիտի դառնայ աշխարհի մեծագոյն տնտեսութիւնը:
Կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ Բրիտանիոյ տնտեսութիւնը համախառն ներքին արտադրութեան ծաւալով 2-րդը պիտի դառնայ զարգացած երկիրներուն մէջ, սակայն պիտի զիջի զարգացող որոշ երկիրներու, ներառեալ` Հնդկաստանին եւ Պրազիլին:
Բրիտանական տնտեսութեան աճին կը նպաստեն բնակչութեան արագ աճը, թոյլ առեւտրական կապը Եւրոպայի ցամաքամասին հետ, ինչպէս նաեւ` ցած տուրքերը:







All the contents on this site are copyrighted ©.