2014-01-07 15:14:09

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որոշած է եկեղեցական պատւոյ տիտղիսները վերապահել տարիքաւոր եկեղեցականներուն, հրաւիրելով կղերականները աւելի համեստ ըլլալու։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կղերականներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին յաճախ զանոնք կը հրաւիրէ չփնտռել պաշտօն եւ դիրք, այլ մօտ ըլլալ իրենց հօտին։ Վերջերս առաքելական դեսպաններուն ուղղած նամակով մը, Նորին Սրբութիւնը անոնցմէ խնդրած է գերյարգելի ''Մոնսենիոր'' պատւոյ տիտղոսը վերապահել 65 անց քահանաներուն։
Պետական քարտուղարութիւնը այդ ուղղութեամբ լուրը հաստատելով յայտնած թ թէ քահանայապետական սենեկապետ կամ գերապայծառ տիտղոսները այլեւս կը շնորհուին միմիայն 65 տարեկան անց կղերականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.