2014-01-07 11:55:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 7 յունուարի քարոզը՝ ''Գիտնանք հետեւիլ Աստուծոյ ճանապարհին''


''Քրիստոնեան գիտէ իր սրտին վրայ հսկել որպէսզի կարենայ զանազանել այն ինչ որ Աստուծմէ կու գայ եւ ինչ որ սուտ մարգարեներէն կը բխի''։ Այսպէս արտայատուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապը տօնական օրերէն ետք՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած անդրանիկ պատարագի ընթացքին, արատասանած իր քարոզին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդգծեց թէ Յիսուսի ճանապարհը, ծառայութեան եւ խոնարհութեան ճանապարհ է։ Ճանապարհ մը որուն ամէն քրիստոնեաներս կանչուած ենք հետեւելու։

Մեկնաբանելով Յովհաննէս աւետարանիչէն քաղուած՝ օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները մտածելու թէ ի՞նչ կը պատահի մեր սրտին։ Զայն փորձութեան ենթարկելու են, որովհետեւ յաճախ մեր սիրտը բաց ճանապարհ մըն է ուր ամէն ինչ այնտեղէն կ՛անցնի ու հարկ է ընտրել շիտակ չափանիշը որ մեզ Աստուծոյ կը տանի եւ ոչ թէ սուտ մարգարէներուն։
Չի մոռնանք – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը – որ Բանն մարմին եղաւ։ Յիսուս Քրիստոս մարդացաւ, Աստուած մարդու կերպարանք առաւ, սիրոյ համար խոնարհեցաւ, բոլորին ծառայելու համար։
Թող Յովհաննէս առաքեալը մեզի պարգեւէ շնորհքը հասկնալու թէ ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ մեր սրտին մէջ, եւ ունենալու իմաստութիւնը ընտրելու այն ինչ որ Աստուծմէ կը բխի։







All the contents on this site are copyrighted ©.