2014-01-07 09:44:47

Միացեալ Նահանգներու պատերազմական օդանաւերը սկսած են Պալթեան երկինքին վերեւ հերթապահութիւն կատարել


Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու օդուժի օդանաւերը սկսած են Պալթեան երկիրներու օդային տարածքին մէջ իրենց առաքելութեան:
Նշեալ առաքելութեան մասնակից ամերիկեան ուժը կազմուած է աւելի քան 150 զինուորներէ` օդաչուներ, թեքնիք աշխատանքներ կատարողներ, բժշկական անձնակազմ եւ հաղորդակցութեան մասնագէտներ:
Ամերիկեան օդուժին պատկանող «Էֆ-15Սի Իկըլ» կործանիչները պիտի տեղակայուին Լիթուանիոյ օդուժի օդակայանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.