2014-01-07 09:48:56

Հայաստանէն Գաղթողներուն 90 Տոկոսը Մեկնած Է Ռուսիա


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստանը լքած ու չէ վերադարձած շուրջ 108 հազար քաղաքացի: «Մարդը կարիքի մէջ» հասարակական կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան գաղթականութեան ծրագիրներու ղեկավար Տաթեւիկ Բեժանեան Գաղթականներու միջազգային օրուան առիթով հանդիպում ունեցած է լրագրողներուն հետ, անոնց ներկայացուցած է կազմակերպութեան եւ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան վերջին տուեալները:
Ըստ տուեալներուն, աշխատանք գտնելու նպատակով Հայաստանէն մեկնող քաղաքացիներուն 90 տոկոսը գացած է Ռուսիա: Մասնագէտը այս ցուցանիշը կը բացատրէ Ռուսիոյ մուտքի վիզայի չգոյութեամբ, եւ՝ ի տարբերութիւն Եւրոպայի, աշխատանք գտնելու աւելի մեծ կարելիութիւններու առկայութեամբ։
Մեկնողներուն 77 տոկոսը հիմնականին մէջ 26-55 տարեկան տղամարդիկ են: Տաթեւիկ Բեժանեան ընդգծած է, որ Հայաստանէն հեռացողներուն մեծ մասը լաւապէս իրազեկ չէ, թէ ո՞ւր կ՛երթայ եւ ի՞նչ աշխատանք պիտի կատարէ:
Իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով, «Մարդը կարիքի մէջ» կազմակերպութիւնը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ մեկնիլ ուզողներուն, իսկ հայրենիք վերադարձածներուն կ՛օգնէ՝ վերահամարկուելու:
«Առաջին հերթին խնդիրներ ունենք, որ չգիտեն, թէ քանի օր պիտի մնան օրինական: 90 օրից յետոյ 1 օր աւել մնացին, եթէ չունեն աշխատանքի թոյլտուութիւն, ինքնաբերաբար դառնում են անօրինական միգրանտ: 5 անգամ ճանապարհատրանսպորտային խախտում անելուց յետոյ, ինքնաբերաբար յայտնւում են սեւ ցուցակում, եւ 1 տարի արգելւում է նրանց մուտքը Ռուսաստան: Լինում են դէպքեր, որ մարդիկ չեն կարողանում իրենց գումարները ստանալ, որովհետեւ չունեն աշխատանքային պայմանագիր եւ չեն կարող ապացուցել որեւէ կերպ, որ իրենք աշխատել են այդ մարդու մօտ եւ կարող են իրենց գումարը ստանալ», դիտել տուած է Տաթեւիկ Բեժանեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.