2014-01-06 12:14:02

Աստուածայայտնութեան տօնին օրը Վատիկանի մէջ։ Սուրբ Պատարագ եւ Մարեմեան աղօթք։


Երկուշաբթի, 6 Յունուար, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին, գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը։
Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածեց Աստուածայայտնութեան տօնի իմաստին վրայ, եւ մոգերու ուղեւորութեան որ կը յատկանշէ ամէն անհատի ճակատագիրը՝ մեր կեանքը ուղեւորութիւն մըն է, լուսաւորուելու ճանապարհը լուսաւորող լոյսերէն, գտնելու համար ճշմարտութեան ու սիրոյ լիութիւնը որ մենք՝ քրիստոնեաներս, կը տեսնենք Յիսուսի մէջ, որ է Աշխարհի Լոյսը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ։ Մոգերու օրինակը թող օգնէ մեզի, մեր աչքերը բարձրացնելու դէպի Աստղը ու հետեւելու մեր սրտերու վեհանձն իղձերուն։ Թող անոնք մեզի օգնեն, միշտ հրապուրուելու այն ամէն բանէ որ գեղեցիկ է, ճշմարիտ ու բարի է...Աստուած։ Ու մեզ օգնեն չի խափուելու ''երեւոյթներէն'' այլ ընթանալու դէպի Բեթղեհէմ՝ այնտեղ ուր արուարձանի մը պարզուկ տան մը մէջ, սիրով ու հաւատքով լի՝ մօր մը ու հօր մը միջեւ ծնաւ, բարձունքէն շողած Արեւը՝ տիեզերքի Թագաւորը։ Մոգերու օրինակով մեր փոքրիկ ջահերով փնտռենք Լոյսը։ Ամէն։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ժամը 12-ին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին դարձեալ խորհրդածեց Աստուածայայտնութեան տօնին իմաստի մասին, ու հրաւիրեց հաւատացեալները Աստուծմէ հայցելու աւետարանութեան ուրախութիւնը։ Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները յատուկէն ակնարկելով ''Մանուկներու միսիոնարական օրուան''։ Ան ապա բոլորին մաղթեց Աստուածայայտնութեան տօնի առթիւ բարի մաղթանքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.