2014-01-04 10:27:49

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 4 Յունուարի Թուիթը ''Սիրելի երիտասարդներ՝ Յիսուս կ՛ուզէ ձեր բարեկամը ըլլալ''։


Շաբաթ 4 յունուարի հրատարակած իր թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն կը յիշեցնէ թէ Յիսուս կ՛ուզէ ըլլալ իրենց բարեկամը. Նորին Սրբութիւնը կը գրէ՝

''Սիրելի երիտասարդներ՝ Յիսուս կ՛ուզէ ձեր բարեկամը ըլլալ եւ կ՛ուզէ որ դուք ամենուրէք տարածէք այս բարեկամութեան ուրախութիւնը''։

Յայտնենք որ երկուշաբթի 6 յունուարին կը նշուի ''մանկութեան միսիոնարական օրը'', տօնակատարութիւն մը նուիրուած երիտասարդներուն որոնք իրենց յանձնառումը կը նորոգեն Աւետարանի տարածման ի սպաս, իրենց առօրեայ կեանքի ընտրանքներու եւ ապրելակերպի ընդմէջէն։ Այս տարուայ բնաբանն է ''Սահմանուած վայր՝ աշխարհը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.