2014-01-04 10:25:28

Շապաք Բեթղեհէմի մէջ փոխադրակառք մը ականահարել փորձած բջիջ մը ձերբակալած է


Իսրայէլի ընդհանուր ապահովութեան մարմինը` Շապաք յայտնեց, որ մեծամասնութեամբ Բեթղեհէմի բնակիչներէ բաղկացած 14 անդամնոց բջիջ մը ձերբակալած է անցեալ ամիս Պաթ Եամի մէջ իսրայէլեան փոխադրակառքի մը ականահարման փորձին ետին կանգնելուն համար:
Շապաք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ գլխաւոր բջիջը կազմուած է չորս անձերէ, որոնցմէ երկուքը` 1989-ի ծնունդ Շահատէ Մոհամետ Թահմարի եւ 1992-ի ծնունդ Համատի Մոհամետ Թահմարի նախապէս Իսրայէլի կողմէ արգելափակուած են Իսլամական Ժիհատ շարժումին անդամակցելու յանցանքով:
Ձերբակալման գործողութիւնները կատարուած են ոստիկանութեան եւ իսրայէլեան բանակին մասնակցութեամբ:
Ձերբակալեալները ամբաստանուած են Իսրայէլի մէջ փոխադրակառքեր պայթեցնելու ճամբով սպանդ կատարել փորձելու յանցանքով:







All the contents on this site are copyrighted ©.