2014-01-04 09:34:01

Խօսէ’ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին


RealAudioMP3 Եկեղեցւոյ` իր աստուածային Հիմնադրէն ժառանգած երրորդ իշխանութիւնն է.
3- Առաջնորդել կամ հովուել- Եկեղեցին այսօ բազմամիլիոն ու բազմազգի հաւատացեալներ հաշուող կազակերպութիւն մըն է, հետեւաբար օժտուած ըլլալու է զինք կառավարող վարչական մարմինով մը: Ո՞րն է կառոյցը այս վարչական մարմինին: Եկեղեցին այս բազմամիլիոն ժոզովուրդները նախ նկատի առած է ըստ երկիրներու, իսկ իւրաքանչիւր երկիրը բաժնած է վիճակներու եւ թեմերու, իրենց քաղաքներուվ ու գիւղերով: Այս վիճակներուն կամ թեմերուն իւրաքանչիւրին վրայ նշանակուած է Առաջնորդ մը կամ Եպիսկոպոս մը, որոնց կը նախագահէ հովուապետ մը, Պատրիարք մը, կաթողիկոս մը կամ Պապը: Անոնց կ’աջակցին օգնական հոգեւորականները եւ աշխարհականներէ կազմուած օժանդակ մարմիններ: Անոնք բաժնուած են քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, հոն ուր կան եկեղեցիներ կամ աղօթատեղիներ: Այժմ ետադարձ ակնարկ կատարենք դէպի առաքեալներուն շրջանը, դէպի քրիստոնէութեան առաջին տարիները, ուսումնասիրելու համար Եկեղեցւոյ առաջին քայլերը:
ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ

Քրիստոնէութեան տարածումը սկսաւ 34 թուին, Քրիստոսի Համբարձումէն տասը օր ետք` Հոգեգալուստին օրը: Եկեղեցւոյ ծննդեան տարեդարձը Հոգեգալուստն է: Աշխարհը աւետարանելու ազդանշանը տրուեցաւ այդ օրը, երբ Ս. Հոգին կրակէ լեզուներով իջաւ վերնատան մէջ հաւաքուած առաքեալներուն վրայ եւ այդ տգէտ, անփորձ ու երկչոտ ձկնորդներոը սկսան հրաշքներ գործել: Անոնց առաջին քարոզով`շուրջ 3000 մարդիկ Քրիստոսի հաւաատացին, զարմացած թէ ինչպէս` մինչ առաքեալները եբրայեցերէն կը խօսէին իրենցմէ իւրաքանչիւրը զանոնք իր լեզուով կը լսէր: Այս 3000 մարդիկը վերադառնալով իրենց տուները կամ երկիրները` կազմեցին քրիստոնեայ նորադարձ հաւատացեալներուն առաջին կորիզը:
Առաքեալները եւ առաջին քրիստոնեաները Երուսաղէմը իրենց ճառագայթումին կեդրոնը ընտրած էին եւ քանի որ հոն իրենց յատուկ հաւաքատեղի մը տակաւին չունէին, անոնք շարունակեցին յաճախել Երուսաղէմի տաճարը: Բայց կը նախընտրէին առանձնական տուներու մէջ հաւաքուիլ երբ ,հացը կը բեկանէինե, այսինքն` հացն ու գինին օրհնելով կը պատարագէին, ինչպէս որ Յիսուս վերջին ընթրիքին ատեն անոնց պատուիրած էր կատարել իր յիշատակին: Առաքեալները Ս. Հոգիէն ներշնչուած, սկսան հետզհետէ Երուսաղէմէն եւ Հրէաստանի դուրս ելլել եւ աւետարանը քարոզել Միջերգրականին շուրջը գտնուող միւս քաղաքներուն եւ երկիրներուն մէջ: Քրիստոնեայ կրօնն ալ, իրար վառող մոմերու պէս` սկսաւ տարածուիլ անձէ անձ, գիւղէ գիւղ, աւանէ աւան, քաղաքէ քաղաք, պալատէ պալատ ու այսպէս տակաւ աւռ տակաւ ներթափանցել հռոմէական կայսրութեան բոլոր խաւերէն ներս: Առաքեալները ու՛ր որ հասան, հոն իրենց ներկայացուցիչ անձեր կարգեցին, անոնց թտալով քարոզելու եւ հովուելու իրենց իշխանութիւնը: Եւ այսպէս` Եկեղեցիները ծնունդ առին ո՛չ միայն առաջին քրիստոնեաներուն քարոզներէն, այլ մանաւանդ անոնց կեանքի օրինակէն, ի գին հալածանքներու, բանտարկութիւններու եւ նահատակութեան:

Հալածանքները- Երբ քրիստոնեայ կրօնը սկսաւ իր շրջանակին մէջ կարեւորութիւն, անոր դէմ ամէն տեսակ հալածանքներ ծայր տուին: Ամէնէն սարսափելին` Հռոմի կայսերական պալատէն շղթայազերծուած հալածանքներն եղան, որոնք հետզհետէ ընդարձակուեցան կայսրութեան բոլոր սահմաննրէն ներս: Այս հալածանքները երեք դար տեւեին եւ առին զանազան ձեւեր. Բռնագրաւում ինչքերու, աքսոր, բանտարկութիւն, չարչարանք, կրկէսնե-րուն մէջ գազանամարտ ու մահ: Ներոն կայսրի օրով (36-68), քրիստոնէութիւնը ապօրինի ու մահուան արժանի կրօն հռչակուեցաւ հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն մէջ: Ասիկա տեւեց մինչեւ Բ. դար: Յաջորդ կայսրերը երբ տեսան թէ իրենց նախորդներուն հալածանքները չէին կասեցուցած քրիստոնէութեան տարածումը, Գ. Դարուն սկիզբը նոր սեղմումներ ձեռնարկեցին:
(Քաղուած՝ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.