2014-01-04 12:34:16

Եկեղեցական Գիտելիքներ
8-րդ Կիրակի Յիսնակաց - Ճրագալոյց Աստուածայայտնութեան
(5-12 Յունուար 2014)


RealAudioMP3 Կիրակի օրը փակելով Յիսնակաց շրջանը, կը մտնենք Յայտնութեան շրջանին մէջ։
Կիրակի 5 Յունուարը նաեւ ճրագալոյց է Աստոածայայտնութեան. օրուան աւետարանը կը խօսի յատկապէս Պետրոսի առաքեալի դաւանանքին, ու անոր գլխաւորութեան մասին. Քրիստոս կ՛ըսէ իրեն. Դուն ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի հաստատեմ իմ եկեղեցիս. Շնորհիւ իր հաւատոյ դաւանութեան, Պետրոս կը կարգուի գլուխը առաքեալներուն։
Երկուշաբթի 6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` կու գան Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրոդը` խունկ եւ երրորդը` զմուրս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմրսէին։
Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսի, մեր 5 մեծ տօներէն մին է, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։
Երեքշաբթի 7 Յունուար` ըստ հայկական սովորութեան` մեռելոց օր է եւ յիշատակութիւն կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն։ Արեւելքի մէջ` մեր վարդապետները կը կատարեն նաեւ գերեզմանօրհնէք եւ այդ օրը բոլորովին կը նուիրուի համայն հանգուցեալ հոգիներուն։
Չորեքշաբթի, Հինգշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը` Յայտնութեան Ութօրէքի մէջ գտնուած օրերն են եւ կը կարդացուին Յովհաննէս Մկրտիչի մասին աւետարանները, որովհետեւ Յատնութեան տօնին օրը նաեւ կը տօնուի Յիսուսի Մկրտութիւնը։
Յովհաննէս Յիսուսի հեռաւոր զարմիկն է. Յովհաննէսի մայրը` Եղիսաբեթ, եւ Յիսուսի մայրը` Մարիամ ըստ աւետարանին` զարմուհիներ են. Մարիամ երբ իմացաւ թէ Եղիսաբեթ 6 ամսուայ յղի էր, անմիջապէս ճամբայ ելաւ եւ գնաց իրեն օգտակար դառնալու։ Երբ իրար հանդիպեցան, Եղիսաբեթի որովայնին մէջ` խայտաց իր մանուկը, եւ այն ատեն հասկցաւ որ Մարիամու արգանդին մէջ գտնուող մանուկը Մեսիան էր, փրկիչը աշխարհի։
Յովհաննէս երբ հասուն տարիքի հասաւ, թողուց ամէն ինչ եւ գնաց անապատ. հոն բաւական ճգնելէ ետք` սկսաւ քարոզել ապաշխարութիւն, պատրաստելու համար ժողովուրդը Տիրոջ գալստեան. Ապաշխարանքէն ետք, որպէսզի անոնք մաքրուէին իրենց մեղքերէն, Յովհաննէս սկսաւ ջուրով մկրտել զիրենք, Յորդանան գետին մէջ։
Յայտնութեան տօնին օրը` սովորութիւն կայ հայկական եկեղեցիներուն մէջ` կատարելու նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ ապա` մկրտութիւն Քրիստոսի, Սուրբ Խաչը դնելով մեռոնով օրհնուած ջուրին մէջ. Ժողովուրդի մէջէն ընտրուած փոքրիկ մը կը ներկայացնէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։
Կիրակի 12 Յունուար 2014, Է. օր յայտնութեան. կը կարդանք Ս. Մատթէոսի աւետարանէն՝ գլուխ Գ. ( 1- 17) համարները, որոնք կը խօսին Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան ու Յիսուսի Մկրտութեան մասին.
՜՜Յիսուս մկրտուեցաւ եւ ջուրէն դուրս ելաւ։ Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ եւ տեսաւ որ Աստուծոյ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով կ՝իջնէր եւ կու գար Անոր վրայ։ Երկինքէն եկող ձայն մը կ՝ըսէր. ՜՜Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս զոր ես հաճեցայ ընտրել։՝՝







All the contents on this site are copyrighted ©.