2014-01-04 10:30:16

Աստուածայայտնութեան տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Վատիկանի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։


Երկուշաբթի 6 Յունուարին, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճառին մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին, կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը ու ապա ժամը 12-ին կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Իսկ 12 Յունուարին` Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի մկրտութեան տօնին առթիւ, ըստ լատինաց, առաւօտեան ժամը 9.45-ին, Սրբազան Քահանայապետը պատարագ պիտի մատուցէ Վատիկանի Սիքստեան մատրան մէջ, որուն ընթացքին մկրտութեան խորհուրդը պիտի մատակարարէ նորածին մանուկներուն։
Յայտնենք նաեւ որ 7 յունուարէն սկսեալ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առօրեայ պատարագներու քարոզները դարձեալ պիտի սկսին հրատարակուիլ, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի տրուի Հռոմի թեմի ժողովրդապետութիւններու հաւատացեալներուն մասնակցիլ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ պատարագներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.