2014-01-03 11:35:09

Յիսուսի անունակոչութեան տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Յիսուսեաններու Հռոմի Եկեղեցին։


Ուրբաթ 3 յունուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Յիսուսի անունակոչութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երրորդ անգամուայ համար այցելեց Յիսուսեաններու ''Chiesa del Gesù'' կոչուած Յիսուսեաններու Եկեղեցին, ուր գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Նորին Սրբութեան հետ համապատարագեցին իրեն միաբանակից եղբայրները։ Սուրբ Զոհը առիթ մը եղաւ նաեւ՝ գոհաբանութիւն յայտնելու Տիրոջ, Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի առաջին միաբանակից̀ երանելի Փիեդրօ Ֆավրի, անցեալ 17 դեկտեմբերին, Սուրբերու դասի շարքին արժանանալուն համար։
Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումները, շեշտը դրաւ Սուրբ Պօղոսի Փիլիպենցիներու ուղղած նամակի հետեւեալ խօսքին ''Սնուցէք ձեր մէջ նոյն զգացուցմները զորս ունէր Յիսուս Քրիստոս, Ինք, որ Աստուծոյ կերպարանքն ունէր, յափշտակութիւն չհամարեց, Աստուծոյ հաւասար ըլլալ։ Այլ ինքզինք ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով եւ դառնալով նման մարդոց, որոնք կերպարանքով զինք ճանչցան իբրեւ մարդ։''
Մենք Յիսուսեաններս – ըսաւ Քահանայապետը - ունենալու ենք Յիսուսի նոյն զգացումները, մտածելու, տեսնելու ու քալելու ենք Անոր նման։
Քրիստոսի Սիրտը՝ սիրտն է Աստուծոյ մը որ սիրոյ համար ''ունայնացաւ''։ Ըլլալու ենք անձինք որ իրենց կեդրոնականութիւնը հիմնած են Քրիստոսի ու անոր Եկեղեցւոյ վրայ – հաստատեց Քահանայապետը - ու ապա անդրադարձաւ Սուրբ Փիէդրօ Ֆավրի կենցաղին որ եղած է ''համեստ, զգայուն, եւ ամէն տեսակ մարդու հետ բարեկամութեան կապեր մշակելու շնորհքով օժտուած մարդ''։
Ան ունեցած է ճշմարիտ հաւատք որ ամբողջութեամբ կեդրոնացած էր Աստուծոյ վրայ եւ ասոր համար կարողացաւ երթալ ամենուրէք Աւետարանը քարոզելու։ Աւետարանը որ կը հռչակուի անուշութեամբ, եղբայրութեամբ եւ սիրով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով նաեւ աղօթքի կարեւորութիւնը եւ հրաւիրելով ներկաները խնդրելու նոր Սուրբին բարեխօսութիւնը որպէսզի ''հմայուինք Փիեդրոյին Տիրոջ հանդէպ ունեցած հմայքով''։
Մենք ըսաւ ապա Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը՝ մեղաւոր ու հակասական անձեր ենք, սակայն նաեւ մարդիկ ենք որ կ՛ուզեն Յիսուսի հայեացքին տակ քալել։ Նորոգենք ուրեմն մեր նուիրումը՝ տիեզերքի յաւիտենական Տիրոջ, որպէսզի Անոր փառաբանեալ մօր օգնութեամբ, կարենանք ձգտիլ եւ բաղձալ ու ապրիլ Քրիստոսի զգացումներով որ ինքզինք ''ունայնացուց''։ Ինչպէս կը գրեր Սուրբ Փիէդրօ Ֆավրը՝ այս կեանքին մէջ չի փնտռենք երբե՛ք անուն մը որ Քրիստոսի անունին հետ կապակցութիւն չ՛ունենայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.