2014-01-03 10:31:35

Յառաջիկայ 13 յունուարին̀ Վատիկանի մէջ կլոր սեղան Սուրիոյ մասին. ''միթէ՞ կարելի է անտարբեր մնալ'' բնաբանով։


Յառաջիկայ 13 յունուարին, Վատիկանը Սուրիոյ նուիրուած, կլոր սեղան մը կը կազմակերպած է, առ ի պատրաստութիւն Ժընեւի մէջ կայանալիք ժողովին, ընդմէջ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմադիր խումբերուն։

Կլոր սեղանին կէտնպատակն է հրադադարի հաստատումը, որպէսզի կարելի ըլլայ միջազգային օգնութիւններ բաշխել։ Խորհրդաժողովին հրաւիրուած են միջազգային 8 մասնագէտներ, որոնց շարքին̀. Թոնի Պլեր` Անգլիոյ երբեմնի նախարարապետը, եգիպտացի Մոհամատ էլ Պարատէյ` խաղաղութեան նոպելի մրցանակակիր եւ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահը ։
Միօրեայ այս ժողովը, որ տեղի կ'ունենայ Վատիկանի գիտութեանց կաճառի նախաձեռնութեամբ, կը նպատակադրէ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը̀ վերջ դնել քրիստոնեաներու հալածանքին ու քաջալերել միջկրօնական երկխօսութիւնը։
Կաճառը այս առթիւ պատրաստած է 8 էջնոց վաւերաթուղթ մը, որով կ'ողջունէ Ռուսիոյ նախագահ Բութինի խաղաղութեան ի նպաստ տածած ջանքը եւ միաժամանակ կ'այպանէ այն երկիրները որոնք զէնք հայթայթած են ու ֆինանսաւորած պատերազմող կողմերը։
Յայտնենք որ անցեալ 28 դեկտեմբերին, Սուրիոյ կառավարութեան մէկ պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Ս. Աթոռի քարտուղար̀ գերապայծառ Փարոլինէն եւ Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Մանպերթիէն։
Պատուիրակութիւնը, Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուղղուած մէկ պատգամը յանձնած է, ու ներկայացուցած Սուրիոյ կառավարութեան դիրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.