2014-01-03 11:07:05

Թուրքիոյ պետութիւնը քահանաներուն ամսաթոշա՞կ պիտի յատկացնէ


«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ ըստ թրքական «Աքշամ» օրաթերթի աշխատակից Հաքքը Քուրպանի ստորագրութեամբ հրապարակուած լուրի մը, Հանրային հարցաքննութիւններու խորհուրդը, հայ քահանայի մը դիմումին ընդառաջելով, սկսած է քննել տարբեր կրօններու հոգեւորականներուն եւս ամսաթոշակ յատկացնելու խնդիր մը:
Այս նպատակով նշեալ խորհուրդի ղեկավար Մեհմետ Էլքաթմըշ անջատ հանդիպումներ ունեցած է հրեաներու, հայերու եւ ասորիներու հոգեւոր պետերուն հետ:
Էլքաթմըշ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան այցելելով տեսակցութիւն մը ունեցած է Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ: Ան նամակներ յղելով նաեւ առնչակից նախարարութիւններու եւ հաստատութիւններու կարծիքը հարցուցած է: «Մարմարա» կը նշէ, որ եթէ այս քայլերը դրական արդիւնք տան, քրիստոնեայ կամ հրեայ հոգեւորականներն ալ պետութենէն ամսաթոշակ պիտի ստանան:







All the contents on this site are copyrighted ©.