Ըստ Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան տուեալներուն̀ ''Աւելի քան վեց միլիոն հաւատացեալ
մասնկացած են Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած արարողութիւններուն ու հանդիպումներուն''։
2 յունուար 2014-ի հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Քահանայապետական Տան հոգաբարձութիւնը
յայտարարած է թէ 2013-ի մարտ ամիսէն մինչեւ դեկտեմբեր, 6.623.900 անհատ մասնակցած են
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութիւններուն, յատուկ ունկնդրութիւններուն,
ծիսական արարողութիւններուն եւ Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքներուն։ Ըստ
տուաելներուն չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային 30 ունկնդրութիւններուն մասնակցած են 1.548,500
հաւատացեալ որոնց ամենաբարձր թիւը արձանագրուած է Մայիս ամսուայ ընթացքին՝ 340 հազար
մասնակիցներով։ Յատուկ ունկնդրութիւններուն մասնակցած են 87,400 անհատ։ Ծիսական արարողութիւններուն
2.282.000 հաւատացեալ եւ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքներուն 2.706.000 հաւատացեալ։ Հարկ
է նշել թէ վերոյիշեալ թիւերը հիմնուած են, Վատիկանի մէջ կազմակերպուած արարողութիւններուն
ու հանդիպումներուն առանց նկատի առնելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հովուական ճամբորդութիւնները̀
Հռոմի ժողովրդապետութիւններուն, Լամբետուզա, Ասսիզի եւ Քալիրաի ինչպէս նաեւ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի
երիտասարդութեան համաշխարհյաին հաւաքը։ Տուեալները հիմնուած են Քահանայապետական Տան
հասած խնդրագիրներու ու բաշխուած տոմսերու վրայ, ինչպէս նաեւ որոշ արարողութիւններու
մասնակցիներուն թիւի ընդհանուր գնահատումի վրայ։