2014-01-02 11:57:56

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ամավերջին օրը հրաւիրեց Հռոմ քաղաքը ըլլալու աւելի հիւրընկալ իսկ ամանորի պատարագի առթիւ մաղթեց ուժ, քաջութիւն եւ յոյս ի տես աշխարհի խաղաղութեան ու արդարութեան ծարաւին։


Երեքշաբթի 31 դեկտեմբեր, յետմիջօրէի ժամը 17-ին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն աւարտին այցելեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած Մսուրը։
Ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց Հռոմ քաղաքը ըլլալու աւելի մարդկային եւ հիւրընկալ, կոչ ուղղելով կառավարական պատասխանատուներուն եւ քաղաքացիներուն բոլորին երաշխաւորելու արժանավայել կեանք մը։
Իսկ մէկ Յունուար 2014-ին, խաղաղութեան համաշխարհային 47-րդ օրուայն առթիւ, ս. Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորելով հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութիւնը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Աստուածամօր հովանիին յանձնեց աշխարհի պահանջները, ու յատուկօրէն արդարութեան եւ խաղաղութեան ծարաւը։
Վերոյիշեալ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, մինչ Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին զանազան կարտինալներ ու Հռոմի Քուրիայի անդամներ, որոնց շարքին Վատիկանի Պետքարտուղար` գերապայծառ Փիէդրօ Փարոլին եւ Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթի։








All the contents on this site are copyrighted ©.