2014-01-02 10:23:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ՙՍանդա Մարիա Մաճճորէ՚ պազիլիքայի Աստուածամօր պատկէրին առջեւ աղօթեց։


2014-ի առաջին օրը` յունուար մէկի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, առանձական այցելութիւն կատարեց Հռոմի <<Սանդա Մարա Մաճճորէ>> Պազիլիքայ, ուր հոն գտնուող <<Սալուս Բոբուլի Ռոմանի>> Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ 20 վայրկեան աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ։
Այս առաջին անգամը չէ որ Սրբազան Քահանայապետը կարեւոր դէպքերէ առաջ կամ վերջ կ՛այցելէ <<Սանդա Մարիա ՄաճճորԷ>> պազիլիքան, հոն աղօթելու` եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրելու ու շնորհակալութիւն յայտնելու Անոր։
Յայտնենք նաեւ, որ միշտ չորեքշաբթի յունուար մէկի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետրը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Ճորճո Նափոլիդանոյի հետ, որուն ընթացքին նախագահ Նափոլիդանոն ու Ֆրանչիսկոս Պապը իրարու փոխանցեցին ամանորի բարեմաղթութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.