2014-01-02 13:38:13

Գահիրէի մէջ ծայրայեղ մահմետականներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ


Երեքշաբթի, 31 դեկետեմբերին, ամավերջի գիշերը, Գահիրէի մէջ, եկեղեցւոյ մը առջեւ տեղի ունեցան բախումներ ընդմէջ ծայրայեղ մահմետակններու եւ ոստիկանութեան, մինչ՝ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենար գոհաբանական աղօթքի արարողութիւնը։
Եգիպտոսի ներքին նախարարութեան տեղեղկատուութեան վկայութեամբ՝ կառավարութիւնը, ապահովութեան համար բազմապատկած էր հսկող ոստիկաններու թիւը կանխարգիլելու նպատակով ''Մահմետական եղբայրներու'' արարքները։
Յիշենք, թէ Մահմետական եղբայրներու կուսակցութիւնը Եգիպտոսի կառավարութեան կողմէ նկատուած է որպէս ''ահաբեկիչ կազմակերպութիւն'' ։







All the contents on this site are copyrighted ©.