2014-01-02 10:38:53

"Œuvre d’Orient" կոչուած քրիստոնեայ մարդասիրական ընկերակցութիւնը կը ցուցադրէ արեւելեան քրիստոնեայ ժառանգութիւնը։


''Նահապետական ողջ ժառանգութիւն''։

18 յունուարէն 6 փետրուար "l’Œuvre d’Orient" կոչուած քրիստոնեայ մարդասիրական ընկերակցութիւնը Փարիզի մէջ կը ցուցադրէ Միջին Արեւլքի քրիստոնեայ նահապետական ողջ ժառանգութիւնը։ Կազմակերպիչներու նպատակն է նոր սերունդին մօտէն ճանչցնել Միջին Արեւլքի քրիստոնեայ դարաւոր ժառանգութիւնը, որ սկիզբ առաւ քրիստոնէութեան արշալոյսին եւ ներկայիս վտանգի մէջ է Միջին Արեւելքի զինեալ ընդհարումներու ու մահմետական ծայրայեղներու պատճառաւ։ Յայտնենք որ Փարիզի քրիստոնեայ մարդասիրական ընկերակցութիւնը 150 տարիէ կը գործէ Միջին Արեւլքի քրիստոնեաներու բարիքին եւ անոր ժառանգութեան ճանաչումին ու պահպանումին ի նպաստ։ Ցուցահանդէսը այցելողը առիթ պիտի ունենայ մօտէն ճանչնալու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ժառանգութեան պատմական, մշակութային ու հոգեւոր հարստութիւնները։ Ուխտաւորները հրաւիրուած են նաեւ այցելելու մայրաքաղաքի կաթողիկէ արեւելեան ինը եկեղեցիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.