2013-12-31 10:54:29

Նոր Տարուայ հեռանկարը խաղաղութի՞ւն թէ պատերազմ


RealAudioMP3 Շատերուս համար մեծ ուրախութիւն է թեւակոխել նոր տարին յուսալով, որ դառնայ աւելի յաջող իր ծրագիրներով եւ ակնկալութիւններով :
Ու կը փորձենք ուրախութեան յոյսեր ստեղծել մեր Սրտերուն մէջ. Ի՞նչու: Պատասխանը անորոշ է. թերեւս այսպէս սովորութիւն դարձած այս զգացումը մեզ մղէ լաւատես աչքերով մօտենալու նոր տարուան:
Նոր տարուայ շեմին կանգնած՝ շատեր ցնծագին եւ յուսալից պատճառներով կը դիմաւորեն զայն, ակնկալելով եւ մաղթելով, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ աւելի բարե-նպաստ ե դրական:
Թղթատելով 2013-ի էջերը, մենք մեզի հարց կու տանք՝ թէ որքան պատմութիւններ եւ դէմքեր ուրուագծուած են այդ տարուայ էջերուն վրայ, դարձնելով զանոնք առաւելաբար կը զգանք, որ դրոշմ մը ձգած ենք անոր էջերուն վրայ:
Այդ էջերը վերջացնելով, բոլորս հարցման կէտի մը առջեւ կը դրուինք. ի՞նչ էր մեր նպատակը անցեալ 365 օրերուն ընթացքին եւ կամ ին՞չ էր մեր իւրաքանչիւրին երազը, զորս պէտք էինք իրագործել եւ զանազան պատճառներով չկարողացանք, միշտ մեղադրելով մենք զմեզ, կամ մեզ շրջապատող մարդիկը, առանց պահ մ'իսկ մտածելու Աստուածային Նախախնամութեան մասին:
Սակաւաթիւ են սակայն այն մարդիկը, որոնք համոզումով եւ ներքին խաղաղութեամբ յառաջիկայ տարին կը յանձնեն Աստուծոյ Նախախնամութեան:
Ամենուրեք կը լսենք, պետական թէ քաղաքական մակարդակներու վրայ եղած հաշտութիւններու կամ խաղաղութեանց դաշինքներու մասին:
Փաստօրէն մեզմէ իւրաքանչիւրը կը ձգտի խաղաղութեան, ինչ որ դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անհատի, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մը կեանքին վրայ:
Մեր խղճին առջեւ կը մնայ մէկ իրողութիւն, որուն մենք պարտական ենք պատասխանել. Ի՞նչ կ'ընենք մեր ներքին կամ արտաքին խաղաղութեան համար:
Արդեօ՞ք մանուկ Յիսուսը կրցաւ իր բերած խաղաղութեամբ համոզել, որ մենք իբրեւ քրիստոնեաներ եւ հաւատացեալներ, կրնանք յաղթահարել ամէն տեսակ չարի :
Արդեօ՞ք խաղաղութեան ըմբռնումը մարդու ներսէն դէպի դուրս ճառագայթող երեոյթ մըն է, թէ հակառակը. այլ կերպասած, արդեօ՞ք քաղաքական խաղաղ եւ նիւթական հանգիստ կեանք մը ապրիլը, կը նշանակէ, որ ներքնապէս մարդը խաղաղ կեանք մը կ'ապրի:
Աշխարհի խաղաղութիւնը հիմնուած է փոխադարձ եւ անձնական շահերու վրայ եւ այդ խաղաղութիւնը զէնքի ուժով հաստատւած կ'ըլլայ եւ ընդհանրապէս պայմանաւորուած է:
Մինչդեռ Քրիստոսի խաղաղութիւնը հիմնուած է մարդու շահերը ապահովելու վրայ, ան ոչ պայմանաւոր է ոչ ալ ժամանակաւոր, այլ յաւէրժական է:
Քրիստոս ինքն է միայն խաղաղութեան Աստուածը, եւ իրմով միայն աշխարհը պիտի խաղաղի :
Ինչպէս Ան կ'ըսէ մեզի. ,Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, զայն չեմ տար ձեզի, ինչպէս աշխարհը կու տայ :
Ապաւինինք ուրեմն Քրիստոսի խաղաղութեան, որպէսզի այս նոր տարուայ առթիւ մեր յոյսերը ի թերեւ չելլեն եւ կարենանք վայելել իսկապէս խաղաղ 365 օրեր:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.