Նախագահ Սարգսեան եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս այցելեցին Եռաբլուր։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, երկուշաբթի 30 դեկտեմբերին, Ամենայն հայոց Գարեգին
Բ. կաթողիկոսի հետ եւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց Եռաբլուր
պանթէոն: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը
զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: