2013-12-31 09:27:56

Հռոմի Ժողովրդապետութիւններուն կարելիութիւն կը տրուի մասնակցիլ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առօրեայ պատարագին։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս, յունուար ամիսէն սկսեալ, առիթ կ'ընծայէ Հռոմի բոլոր ժողովրդապետութիւններու հաւատացեալներուն, մասնակցելու իր մատուցած առօրեայ ս. Պատարագներուն։ Սոյն լուրը յաղորդած է Ս. Աթոռի գրասենեակը։ Ֆրանչիսկոս Պապը սովոր է առօրեայ պատարագը մատուցել Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ եւ մինչեւ օրս, առիթ ընծայուած էր Վատիկանի պաշտօնեաներուն մասնակցիլ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած այդ արարողութեան որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզները ապա կը սփռուին Ռատիովատիկանի հաղորդումներու ընդմէջէն եւ աշխարհի չորս ծագերը ապրող հաւատացեալներու շատերը կը հետեւին այդ քարոզներուն։
2014-ի յունուար ամիսէն սկսեալ առիթ կ՛ընծայուի Հռոմի թեմի հաւատացեալներուն մասնակցիլ վերոյիշեալ սուրբ պատարագին նախատեսլելով, ամէն օր, 25 հաւատացեալի մասնակցութիւնը։
Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտնած է որ այս նախաձեռնութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ'ուզէ իր պարտականութիւնը կատարել որպէս Հռոմի թեմի առաջնորդ։ Հռոմ թեմը կը հաշուէ 300 ժողովրդապետութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.