2013-12-31 10:56:58

''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' Իտալական եկեղեցական շարժումի ուխտագնացութիւնը Սուրբ Երկիր


30 դեկտեմբեր 2013-էն մինչեւ 6 Յունուար 2014, Իտալական <<Ացիոնէ Քաթթոլիքա>> եկեղեցական շարժումը, գլխաւորութեամբ շարժումի նախագահ` Տիար Ֆրանքօ Միլանոյի եւ խումբ մը համագործակիցներու եւ հաստատութեան՝ թեմական եւ ազգային պատասխանատուներուն, ուխատագնացութեամբ մեկնած են Սուրբ Երկիր։
Ուխտագնացութեան ծիրէն ներս նախատեսուած են եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներ որոնց շարքին յատուկ հանդիպում Երուսաղեմի Լատիններու գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ Պատրիարքին հետ։
''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' ուխտաւորները պիտի այցելեն նաեւ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայպետին՝ Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին այցելած վայրերը, Պօղոս Զ Քահանայապետի Սուրբ Երկիրի այցելութեան 50 ամեակին առթիւ։ Նշենք թէ Պօղոս Զ Քահանայապերը հանդիսացած է երկրորդ Պապը որ այցելած է Սուրբ Երկիրը` Ս. Պետրոս առաքելապետէն ետք։
Ուխտագնացութեան նպատակներէն մին է ընդառաջել ֆրանչիսկոս Քահանայպետի հրաւէրին՝ աղօթելու Միջին Արեւելքի եւ աշխհարի խաղաղութեան համար, Սուրբ Երկրին մէջ, հոն ուր ծնած է Տիեզերքի խաղաղութեան Իշխանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.